Զինադադարի մասին նախնական շշուկներու լոյսին տակ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է լուրջ ըլլայ 1701 բանաձեւը ամբողջութեամբ գործադրելու իր խոստումին մէջ: Ըստ Ժաաժայի, Լիբանան այսօր կը գտնուի իրանեան ճիրաններէն ձերբազատուելու հնարաւորութեան առջեւ, յուսալով որ «Հըզպալլա այս անգամ չունենայ իր զէնքէն հրաժարելու եւ զինուորական ուժը լուծելու այլընտրանքը»: