Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

October 31, 2024
in Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

 

 

Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Խրիսթոտուլիտես որոշակի լաւատեսութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ զինադադար յայտարարելու հնարաւորութիւններուն առնչութեամբ: Անոր խօսքով, զինադադարի մը համաձայնութեան կարելի է յանգիլ մէկ կամ երկու շաբթուան ընթացքին:

Նոյն ծիրին մէջ երէկ հաղորդուեցաւ, որ ամերիկացի բանագնաց Ամուս Հոքշթայն գուցէ Պէյրութ վերադառնայ յառաջիկայ օրերուն, եթէ իսրայէլեան կողմէն ստանայ իր առաջարկներուն դրական արձագանգը: Ըստ «Արապիա» լրատուական ցանցին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ստացած է միջազգային երաշխիքներ, որ Իսրայէլ պիտի չթիրախաւորէ Լիբանանի հանրային ենթակառոյցները:

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, իր կարգին, հրաւէրներ ուղղեց արաբական ու մահմետական երկիրներուն՝ մասնակցելու Կազայի ու Լիբանանի պատերազմներուն նուիրուած քննարկումի մը, որ պիտի կազմակերպուի 11 Նոյեմբերին:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ նախագահական թեկնածու Տոնըլտ Թրամփ ամերիկացի-լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց քուէարկելու ի նպաստ իրեն, խոստանալով շուտով վերջ տալ կործանումին եւ լիբանանցիներու տառապանքին:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄԷՆԷՆ ԽԻԶԱԽՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Next Post

ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Next Post

ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.