Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԷՆԷՆ ԽԻԶԱԽՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

October 31, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՄԷՆԷՆ ԽԻԶԱԽՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

 

Հըզպալլայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ երէկ հանդէս եկաւ հեռասփռուած ուղերձով մը, որուն մէջ խօսեցաւ պատերազմի մանրամասնութիւններուն եւ յաջորդ փուլին մասին: Ան յստակացուց, որ ցարդ չէ առաջադրուած զինադադարի ծրագիր մը, որուն կը համաձայնի Իսրայէլ եւ քննարկելի կ’ըլլայ Հըզպալլայի համար: «Ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնները պիտի ըլլան վճռորոշ», ըսաւ Քասէմ ու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ իր հետ եղողներուն յայտնեց, թէ «նոյնիսկ իրենց երազներուն մէջ պիտի չտեսնեն Դիմադրութեան պարտութիւնը»: Յայտնելով, որ Հըզպալլա որոշած է այս պատերազմը անուանել «Ամէնէն խիզախներուն ճակատամարտը», Քասէմ վստահեցուց, որ բաւարար միջոցներ ունին մղելու երկարատեւ առճակատում: «Մենք չենք կռուիր որեւէ ուժի փոխարէն, այլ կը պայքարինք պաշտպանելու Լիբանանը, ազատագրելու բռնագրաւեալ հողը եւ աջակցելու Կազային՝ դէմ դնելով իսրայէլեան տարածաշրջանային վտանգին», շեշտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը: Ան վերահաստատեց, որ իր կուսակցութիւնը կը շարունակէ ահաբեկուած ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի մշակած ծրագրերը՝ ռազմական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: «Անոնք որոնք գրաւ դրած են մեր թուլութեան վրայ, կը վստահեցնենք, որ պատերազմէն ետք Հըզպալլա նոյնիսկ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքական մակարդակներու վրայ», շեշտեց Նայիմ Քասէմ:

Share62Tweet39
Previous Post

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.