(նորատիպ հրատարակութեան մը առիթով)
Հակառակ երկար տասնամեակներու յառաջացուցած անջրպետին, որ մեզ կը բաժնէ Շանթի ապրած ժամանակաշրջանէն (գրողը մահացաւ Պէյրութ, 1951-ին), այս նշանաւոր թատերագիրն ու մանկավարժը կը շարունակէ մեզ պահել իր գրական հայեացքներուն ու դաստիարակչական տեսութիւններուն հմայքին տակ։
Կար շրջան մը, երբ Շանթի թատերգութիւնները, մա՛նաւանդ «Հին Աստուածներ»-ը, բեմ կը բարձրացուէին Պէյրութի ու Հալէպի մէջ, լեցուն սրահներու առջեւ։ Այսօր, այդպիսի յանդգնութիւն մը չունին մեր յարգելի բեմադրիչները, բայց ընդունինք նաեւ որ մերօրեայ թատերասէր հանրութիւնն ալ չունի այդպիսի պահանջք մը…։
Այնուհանդերձ, Շանթ կը շարունակէ իշխել մեր թատերական ըմբռնումներուն վրայ։ Ան կը շարունակէ ապրիլ մեր մտքին մէջ նա՛եւ իբրեւ եւրոպական նուրբ եւ արդիաշունչ դաստիարակութեան ռահվիրայ մը, որ հասակ առնող սերունդին մէջ ջանաց ամէնէն առաջ կոփել ՄԱՐԴԸ՝ իր վեհ ու կատարելատիպ անձնաւորութեամբ։
Շանթի մասին շա՜տ բան գրուած է։ Եթէ յաջողինք ի մի բերել իր գրած բոլոր գիրքերը, անոնց բազմաթիւ վերատպութիւնները (լոկ Պէյրութի մէջ Շանթի գործերէն տպուած է շուրջ 60 հատոր), իր կազմած դասագիրքերն ու ընթերցարանները, իր ստորագրած անթիւ յօդուածները, իր մասին ուրիշներո՛ւ գրած գիրքերն ու բազմահարիւր յօդուածաշարքերը, ապա դիւրաւ կրնանք լեցնել ամբողջ գրադարան մը։
Այս բոլորով հանդերձ, ըստ երեւոյթին, չեն դադրիր Շանթն ու անոր հայեացքները պեղելու աշխատանքները…։
Ահա՛ սիրուն նոր հրատարակութիւն մը Շանթի մասին, Պէյրութէն։ Գողտրիկ գիրք մը, փոքրածաւալ ու գրպանի յատուկ։ «Արամ Մանուկեան մատենաշար», թիւ 9, 2023, 86 էջ (տպ. Զաւէն եւ որդիք)։ Հեղինակ՝ Վարուժան Թէնպէլեան։
«Լեւոն Շանթի անաւարտ ուղեւորութիւնը՝ մարդուն փնտռտուքը հայուն մէջ»։ Ա՛յս է գրքոյկին խորագիրը, որ ինքզինք կ՛արտայայտէ լաւապէս։
Վ. Թէնպէլեան անծանօթ անուն մը չէ Լիբանանի մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկէն, ան երկար տարիներ խմբագրական աշխատանք տարած է «Ազդակ»-ի մէջ ու հիմա ալ կը տնօրինէ «darperag21» հայատառ կայքէջը, ուր յաճախ իրարու կը հանդիպին սփիւռքը յուզող գրական, ազգային ու ընկերաբանական շահեկան գրութիւններ, անկաշկանդ քննարկումներով:
— Ինչո՞ւ այս հրատարակութիւնը,– կրնաք հարց տալ իրաւամբ, մատնանշելով մա՛նաւանդ գրադարաններու մէջ նիրհող շանթեան մեծաթիւ հատորները, որոնց ակնարկեցինք քիչ առաջ։
Մեր կարծիքով, այս նոր հրատարակութիւնը ուղղեալ է թարմատի պատանիներուն, ուսանողներուն, համալսարանականներուն, գիրքի հետ մտերմանալ փորձող թեկնածուներուն, մէկ խօսքով՝ նոր սերունդին, որ արագավազ կեանքի իր հեւքին մէջ կը փնտռէ խի՛տը, սե՛ղմը, ամփո՛փը, հակի՛րճը, գրպանի փոքրածաւա՛լ գիրքը…։ «Արամ Մանուկեան մատենաշար»-ին գրքոյկները (չենք գիտեր թէ քանի թիւ հրատարակուած է ցարդ), ըստ երեւոյթին, ձեւաւորուած ու կազմուած են նոր սերունդի տղոց նշեալ ակնկալութեան կամ ճաշակին գոհացում տալու դիտաւորութեամբ. եւ վստահաբար ատոնք պիտի յաջողին իրենց ուղին գտնել դէպի հայ տուները, դէպի հայ երիտասարդներու գրասեղանները…։
Այս գիրքը կ՛ընթերցուի մէկ շունչով, քանի մը ժամուան ընթացքին։ Ու զայն աւարտելէ ետք՝ Լեւոն Շանթի մասին կազմած կ՛ըլլաք գոհացուցիչ պատկերացում մը։
Թէնպէլեան նախ ներկայացուցած է Շանթի կեանքին գլխաւոր փուլերը. Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանին մէջ իր ուսումնառութիւնը, Պոլսոյ մէջ սկիզբ առած իր գրական երթը, ուղեւորութիւնը Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման նպատակով, այնտեղի համալսարաններուն մէջ ձեւաւորուած իր փիլիսոփայական ու գեղագիտական աշխարհահայեացքը, ԹիՖլիս՝ 10 տարուան ուսուցչական կեանքը եւ Թումանեանի «Վերնատուն»-ին իր մասնակցութիւնը, սփիւռքեան իր աշխատանքները (Համազգային, Հայ Ճեմարանի տնօրէնութիւն եւ այլն, եւ այլն)։ Այս բոլորին մէջ մեզ,– եւ ընթերցողը,– հետաքրքրողը Շանթի գրականութիւնն է անշուշտ։ Անոր գրական իւրայատուկ աշխարհահայեացքին վերբերումը, ծանօթացումը, պարզաբանումը։
Մեր այս ակնկալութիւնը գոհացում կը գտնէ յաջորդ էջերով, երբ հեղինակը մի առ մի կը բանայ «կղպուած» դռները Շանթի թատերական գլխաւոր երկերուն, իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտագործելով գրականագիտական աշխատասիրութիւններու բաւական ճոխ ցուցակ մը։
Նախ սեւեռումի կ՛ենթարկուի «Հին Աստուածներ»–ը։ Այս բարդ թատերախաղը կը փոխադրէ մեզ Թ. դար, Սեւանայ կղզի։ Կը բնութագրուին մայր հերոսները՝ Վանահայրը, Աբեղան, Սեդան…։ Այնուհետեւ՝ «Ինկած բերդի իշխանուհին», որուն նիւթը կու գայ ԺԳ. դարէն ու կիլիկեան բնաշխարհէն։ Յետոյ՝ «Շղթայուածը», որ միջնադարեան Անի մայրաքաղաքը ունի իբրեւ միջավայր։
Գրքոյկին վերջին էջերուն մէջ հպանցիկ ակնարկներ կան Շանթի մանկավարժական հայեացքներուն եւ գրական տիպարներ ստեղծելու ինքնայատուկ մտասեւեռումներուն մասին։
Յստակ է, որ Լեւոն Շանթ ժողովրդային ու հանրամատչելի գրող չէ։ Ան մտաւորական դասակարգի հեղինակ է։ Եւ ինչպէս ընդգծեր է Ն. Աղբալեան առիթով մը՝ «այս հանգամանքը եթէ մի կողմից կայուն ու մնայուն դիրք է տալիս նրա գործին, միւս կողմից սահմանափակում է ընթերցողների թիւը»։
Կարեւորն այն է, որ ընթերցողներու այդ սահմանափակ թիւը գոյութիւն ունենայ…:
Շ.