Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ. ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱՐԱՒ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

October 29, 2024
in Գաղութային, Լիբանանեան, Մարզական
0
Հ.Մ.Մ. ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱՐԱՒ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

 

Կոլերով հարուստ բարեկամական երկու մրցումներու ընթացքին Հ.Մ.Մ. ակադեմիայի պատանեկան խումբը տարաւ երկու հիանալի յաղթանակներ, ընդհանուր գումարով արձանագրելով 12 կոլ:

 

1) Հ.Մ.Մ. ԸՆԴԴԷՄ WFA

Առաջին խաղը` Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Մ. 7-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց WFA խումբը, «Անդրանիկ»ի մարզադաշտին վրայ: Հ.Մ.Մ.-ի պատանիներուն համար կարծէք բախտաբեր եղան այն կարմիր-ճերմակ տարազները, որոնցմով առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացան Հ.Մ.Մ.-ի մարզիկները: Անոնք ընկերուհի Ալին Պաղտոյեանի կողմէ սրտաբուխ տրամադրուած նուէրն էին Հ.Մ.Մ.ի ֆութպոլիստներուն:

Հ.Մ.Մ.-ի կոլերը նշանակեցին հետեւեալ մարզիկները.

Աղասի Փափազեան 1

Բենիամին Մալեան 2

Կարէն Երիքեան 1

Եուսէֆ Մաուլաուի 1

Յակոբ Պէօյուքեան 1

Հատի Հաճինի 1

2) Հ.Մ.Մ. ԸՆԴԴԷՄ TFA

Իսկ երկրորդ մրցումին, Հ.Մ.Մ. դարձեալ յաղթանակ մը տարաւ, այս անգամ 5-1 արդիւնքով, TFA-ի 2011-2012 տարիքային խումբին դէմ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2024-ին, Պուրճ համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ:

Չնայած որ մրցումին հաշիւը TFA-ի մարզիկները բացին, սակայն այդ մնաց միակը մինչեւ մրցումին աւարտը՝ Հ.Մ.Մ.-ի նշանակած 5 կոլերուն դիմաց: Այս անգամ մեր մարզիկները հաքած էին սեւ «օրիժինալ» գոյնի տարազներ, որոնք տրամադրուած էին Հ.Մ.Մ.-ի վարչական անդամ ընկեր Գէորգ Փօլիսաճեանի կողմէ:

Այս մրցումին Հ.Մ.Մ.-ի կոլերը նշանակեցին՝

Աղասի Փափազեան 1

Բենիամին Մալեան 1

Հատի Էլ Հաճինի 1

Կարէն Երիքեան 1

Ճօ Պաղտոյեան 1

 

Պարտք կը  զգանք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել ընկերուհի Ալին Պաղտոյեանին եւ ընկեր Գէորգ Փօլիսաճեանին, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին՝ հոգալով մեր սիրելի պատանիներով կազմուած խումբին տարազներուն եւ ինչու չէ՝ նաեւ այլեւայլ կարիքներու ապահովման ծախսերը:

Հարկ է յիշեցնել, որ երկրի ապահովական դժուարին պայմաններու տակ Հ.Մ.Մ.-ի դիւանը իր շաբթուան փորձերը կը կատարէ առաւելագոյն ապահով միջոցներով, իր ֆութպոլային փորձերը ամբողջացնելով մօտակայ մարզադաշտերուն վրայ:

Յաջողութիւն եւ անփորձանք օրեր կը մաղթենք մեր սիրելի Լիբանանին, յուսալով որ մօտիկ ապագային ան շուտով կը վերագտնէ նախկին խաղաղութիւնն ու բնականոն առօրեան:

Հ.Մ.Մ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share88Tweet55
Previous Post

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺԻ ՄԷՋ

Next Post

ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԷՊԻ ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ

Next Post
ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԷՊԻ ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ  ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ

ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԷՊԻ ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.