Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺԻ ՄԷՋ

October 29, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺԻ ՄԷՋ

Այս տարի եւս Պաթոն Ռուժի հայ համայնքը խանդավառութեամբ նշեց Հաճնոյ դիւցազնական հերոսամարտին 104-ամեակը։ Տիկիններ, խմբուելով տիկին Մարի Գալթաքճանին շուրջ, երեկոյեան եփուելիք աւանդական ճիտապուրին համար նախապատրաստեցին միսն ու կորկոտը։ Աղի օրհնութենէն ետք, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, ժամեր շարունակ եփեցաւ ճիտապուրը, որուն կարեւոր գործառոյթներէն էր զայն խառնելը՝ տղամարդոց պատրաստակամ ծառայութեամբ։ Կիրակի, արդէն կանուխ ժամերուն ժողովուրդը խուռներամ հաւաքուած էր Սբ. Կարապետ Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ՝ մասնակցելու համար պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան:

Օրուան պատարագիչն էր Նիւ Եորքէն ժամանած Հոգշ. Տէր Սիմէոն աբղ. Օտապաշեանը, որ աւելցուց արարողութեան շքեղութիւնը՝ միաժամանակ կատարելով Սբ. Էջմիածնէն ստացուած սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնեաց հանդիսութիւն մը: Յաւարտ պատարագի, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ կատարուեցաւ ճիտապուր-մատաղի օրհնութեան կարգը։ Բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան համեղ ճիտապուրով եւ միչեւ յետմիջօրէի ուշ ժամերը անոնք տակաւին կը յամենային հայաշունչ ոգիով առլցուն համայնքային միջավայրին մէջ: Պաթոն Ռուժի եւ շրջակայից հայութիւնը այս տարի եւս պանծացուց Հաճնոյ հերոսամարտին 104-ամեակը եւ իր պապենական հողերուն վրայ նահատակուած քաջակորով հաճընցիներու անթառամ յիշատակը։ Բիւր յարգանք, խունկ եւ աղօթք անոնց պանծալի ու անմոռաց յիշատակին:

 

Ներկայ մը

(Արտատպուած «Մասիս»էն)

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆՏԱՌԱՅԻՆ ՀՐԴԵՀԸ

Next Post

Հ.Մ.Մ. ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱՐԱՒ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Next Post
Հ.Մ.Մ. ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱՐԱՒ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Հ.Մ.Մ. ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱՐԱՒ ԵՐԿՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.