Մեթնի Ռապուէ, Ժուրէթ Պալլութ եւ Ռումիէ շրջաններու անտառներուն մէջ անցեալ շաբաթ բռնկած մեծ հրդեհներէն ետք, երէկ կարգը հասաւ հարաւային Ժըզզին գաւառի Հոմսիէ եւ Քայթուլի գիւղերու շոճիի անտառներուն, որոնք կը համարուին Միջին Արեւելքի մեծագոյն՝ Պքասինի անտառին շարունակութիւնը: Քաղաքացիական անվտանգութեան ուժերը լիբանանեան բանակին օգնութեամբ ամբողջ օրը աշխատեցան կանխել բոցերուն ընդարձակումը եւ մերձակայ բնակարաններուն վտանգումը: