Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ կառավարութեան հերթական նիստը գումարուած է ապահով վայրի մէջ՝ Հըզպալլայի հրթիռներուն մտավախութեամբ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պնդեց, թէ իրենք «պատերազմը պիտի չպարտուին, այլ պիտի յաղթեն յանուն համայն մարդկութեան»: Վարչապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ Իսրայէլ կ’ուզէ պատերազմի աւարտէն ետք յարաբերութիւններու բնականոնացումի յաւելեալ համաձայնութիւններ կնքել արաբական պետութիւններուն հետ: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ խօսեցաւ Իսրայէլի մէջ զինուորագրումի աշխատանքներուն վերաբերող նոր օրէնք մշակելու անհրաժեշտութեան մասին, «ոչ թէ քաղաքական ենթանպատակներով, այլ պարզապէս որովհետեւ բանակը կարիք ունի յաւելեալ զինուորներու», ըսաւ Կալանթ:
Իսրայէլեան ներքին տարակարծութիւններու ծիրին մէջ, Կազայի մէջ աւելի քան տարի մը գերեվարուած իսրայէլացիներուն հարազատները Քնէյսէթի երեսփոխաններուն տեղեկացուցին, որ «եթէ գերիները անյապաղ ազատ չարձակուին, ապա ժողովուրդը պիտի շարժի պաշտօնատարներուն դէմ»: Ցուցարարները ահազանգեցին, թէ շատ գերիներ կը տառապին հիւանդութիւններէ եւ անոնց կեանքը վտանգուած է: