Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱԹԱՐ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

October 29, 2024
in Միջազգային
0
ՔԱԹԱՐ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

 

Կազայի եւ Լիբանանի դրութիւնը հանդարտեցնելու բանակցային ջանքերու ծիրին մէջ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մոսատի ղեկավարը պիտի մնայ Տոհայի մէջ՝ շարունակելու համար զինադադար յայտարարելու եւ Համասի հետ գերիներ փոխանակելու ջանքերը: Իսկ «Wall Street Journal»-ը հաղորդեց, որ Մոսատի եւ CIA-ի ղեկավարները Քաթարի վարչապետին հետ քննարկած են գագաթաժողովի մը կազմակերպումը՝ Կազայի եւ Լիբանանի զինադադարի թղթածրարները քննարկելու նպատակով:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լոնտոնի մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարին հետ, ներկայութեամբ Լիբանանի դեսպանին եւ վարչապետի օգնականներուն: Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային պատերազմական դրութեան, Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Պէյրութ-Լոնտոն յարաբերութիւններուն: Խօսելով զինադադարի հաւանականութեան մասին, Միքաթի առաջնահերթ համարեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը՝ յանգելու համար դիւանագիտական լուծումներու: Այս առումով, ան կարեւորեց միջազգային կողմերու հետ աշխատանքային համակարգումը:

Իսկ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը բողոքագիր ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին՝ դատապարտելով Հասպայա եւ Ուզահի շրջաններուն մէջ լրագրողներու եւ տեղեկատուական հաստատութիւններու նկատմամբ իսրայէլեան յարձակումները, որոնց հետեւանքով զոհուեցան երեք լրագրողներ: «Լրագրողներու թիրախաւորումը կը համարուի պատերազմական ոճիր, որուն համար պէտք է անյապաղ պատժել Իսրայէլը», պահանջուեցաւ լիբանանեան բողոքագիրին մէջ: Նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւրոպական երկիրներու աջակցութիւնը պահանջեց՝ անյապաղ զիանադադար յայտարարելու եւ գործադրելու ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին բոլոր յօդուածները: Պու Հապիպ Լիբանանի խօսքը արտասանեց «Միութիւն՝ յանուն Միջերկրականին» համագումարի ընթացքին, որ կազմակերպուած էր սպանական Պարսելոնա քաղաքին մէջ: «Եթէ պատերազմը իսկոյն չաւարտի, վտանգուած շրջաններէն մարդոց տեղահանումը պիտի շարունակուի եւ այդ կրնայ յառաջացնել ներքին խնդիրներ եւ բախումներ», ահազանգեց Պու Հապիպ, խօսելով Լիբանանի համեմատաբար հանդարտ շրջաններ ապաստանած քաղաքացիներու թիւի բազմացումին մասին: Ան նաեւ պահանջեց ամրապնդել լիբանանեան բանակին կարողութիւնները, որպէսզի կարենայ իրականացնել Լիբանանը պաշտպանելու իր պարտականութիւնները: Պու Հապիպ հարաւի զարգացումները արծարծեց նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարար Մանուէլ Ալպարեսի հետ: Վերջինս դատապարտեց Լիբանանի մէջ քաղաքացիները թիրախաւորող իսրայէլեան յարձակումները, պահանջելով անյապաղ դադրեցնել այդ գործողութիւնները:

Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ վստահեցուց, որ հետեւողական աշխատանք կը տանի՝ կանխելու համար առճակատումի տարածաշրջանային ընդարձակումը եւ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ պատերազմի բռնկումը:

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաքժիի հետ քննարկած է տարածաշրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի կապերը: Սէուտցի դեսպանը անհրաժեշտ համարած է ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ պատերազմներուն եւ վերականգնել կայունութիւնն ու հանդարտութիւնը:

Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը վստահեցուց, որ հնարաւոր բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ՝ հակադարձելու համար Իրանի մէջ զինուորական թիրախներ հարուածած իսրայէլեան յարձակումին: «Եթէ հաշուեյարդարի չենթարկենք Իսրայէլը, ապա անոնք պիտի քաջալերուին եւ յաւելեալ ոճիրներ գործեն Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ», շեշտեց Թեհրան:

Share63Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆ. ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2672 ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ 12.468 ՎԻՐԱՒՈՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.