Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ. ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2672 ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ 12.468 ՎԻՐԱՒՈՐ

October 29, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆ. ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2672 ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ 12.468 ՎԻՐԱՒՈՐ

 

2672 նահատակ եւ 12.468 վիրաւոր: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, այս է իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր Լիբանանի մէջ պարզուած մարդկային կորուստներուն պատկերը: Միայն նախանցեալ օր արձանագրուած է 19 զոհ եւ 108 վիրաւոր: Շարունակելով Լիբանանի սահմանային գիւղերը գետնին հաւասարեցնելու ոճրային քաղաքականութիւնը, իսրայէլեան բանակը երէկ կառոյցներ պայթեցուց առաջնագիծին վրայ գտնուող Եարրին, Մարուահին, Տուհէյրա եւ Ում Թութէ գիւղերուն մէջ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը ծանր հարուածներ ուղղեց հարաւային Սուր քաղաքի թաղամասերուն վրայ՝ գործադրելով քաղաքէն հեռանալու մասին բնակչութեան ուղղուած սպառնալիքները: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու գրասենեակին, քաղաքի Ռամլ թաղամասի ռմբակոծումէն զոհուած է առնուազն 7 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը 20-ի շուրջ է: Նախապէս, Հարէթ Սայտա եւ Պուրժ Շամալի շրջաններու ռմբակոծումէն մահացած էր 14 մարդ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ հարուածներ հասցուց նաեւ Նապաթիէ, Եըհմոր, Արնուն եւ Քֆարթըպնիթ շրջաններուն:

Պեքաայի մէջ, համեմատական հանդարտութենէ ետք երէկ վերստին թիրախաւորուեցաւ Շմըսթարի Տահր Սաուան շրջանը, պատճառելով ծանր վնաս: Ռմբակոծուեցաւ նաեւ Պեքաայի հարաւային հատուածի Սըհմոր գիւղը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են բանակի մեքենաներէն մէկուն վրայ, մինչ աշխատանք կը տարուէր վերաբանալու հարաւային Քալաուէյ գիւղի ճամբան: Իսրայէլեան կրակոցներէն վիրաւորուած է զինուոր մը: Իսկ Պաապտա գաւառի Արայա գիւղի ճամբուն վրայ, իսրայէլեան անօդաչու սարք մը փորձեց թիրախաւորել ինքնաշարժ մը, սակայն հրթիռը ինկաւ ճամբուն վրայ եւ վնասեց երթեւեկող այլ ինքնաշարժներ, մինչ թիրախաւորուած ինքնաշարժին մէջ գտնուողները ապահով դուրս եկան ու հեռացան:

Սահմանային մարտերու ծիրին մէջ, Հըզպալլա յայտարարեց Քֆարքիլայի մերձակայքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժեր թիրախաւորելու մասին, որուն հետեւանքով հրկիզուած են իսրայէլեան զինակառքեր, մահացած կամ վիրաւորուած են անոնց մէջ գտնուող զինուորները: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Թիպէի մերձակայքը, ուրկէ Հըզպալլա յայտարարեց իսրայէլեան յառաջացող հրասայլերը թիրախւորելու մասին: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին խոստովանեցաւ, թէ 24 ժամերու ընթացքին լիբանանեան ճակատին վրայ վիրաւորուած է եօթը սպայ եւ զինուոր, որոնք ուղղաթիռներով փոխադրուած են հիւանդանոց:

Իր կատարած գործողութիւններու շարքին, Հըզպալլա յայտարարեց իսրայէլեան ծովուժի Հայֆայի մերձակայ «Սթիլա Մարիս» խարիսխին ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելու մասին: Հըզպալլա անօդաչու ականուած սարքերով յարձակում գործեց Աքքայի հարաւարեւելեան շրջանի ռազմական գործարաններէն մէկուն վրայ, պատճառելով ծանր վնասներ: Հըզպալլա իսրայէլեան ոճով սպառնալիք ուղղեց Քըրիաթ Շեմոնայի բնակչութեան, պահանջելով անյապաղ հեռանալ շրջանէն եւ ապաստանիլ հեռաւոր վայրեր՝ պատսպարուելու համար դիմադրութեան հրթիռներէն եւ սնօդաչու սարքերէն: Հըզպալլայի կատարած հրթիռարձակումներու լոյսին տակ, գերմանական «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւններու խմբակը Թել Աւիւ ուղղուող թռիչքները առկախեց մինչեւ 25 Նոյեմբեր, ինչպէս նախապէս առկախած էր Պէյրութի թռիչքները:

Share62Tweet39
Previous Post

THE TIMES OF INDIA.  ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ԽՈՇՈՐ ՆԵՐՄՈՒԾՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ Է

Next Post

ՔԱԹԱՐ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

Next Post
ՔԱԹԱՐ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

ՔԱԹԱՐ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.