Հայաստանը, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ, 2023-2024 ֆինանսական տարուան ընթացքին ընդգրկուած է հնդկական պաշտպանական արտադրանքի խոշորագոյն ներմուծողներու շարքին, կը գրէ «The Times of India»-ն։
«Նախկին ԽՍՀՄ պետութիւն հանդիսացող Հայաստանը իր հերթին վերջին չորս տարիներու ընթացքին Հնդկաստանի հետ կնքած շարք մը գործարքներ «պատրաստի արտադրանքի» ներկրման համար, ինչպիսիք են հրթիռները, հրետանային ատրճանակները, հրթիռային համակարգերը, զէնքի տեղորոշման ռատարները, զրահաբաճկոնները եւ գիշերային տեսողութեան սարքաւորումները, ինչպէս նաեւ զինամթերքի եւ հրետանիի լայն տեսականի»,- ըսուած է նիւթին մէջ։
Հայաստան դարձած է 25 քմ խոցման հեռահարութիւն ունեցող տեղական «Akash» զենիթահրթիռներու առաջին օտարերկրեայ պատուիրատուն, կը նշէ պարբերականը։
Կը նշուի, որ հնդկական պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւնները տարատեսակ զէնք, զինամթերք եւ համալրող սարքեր կ’արտահանեն մօտ 100 երկիրներ։ Անցեալ տարի վաճառքի ծաւալը կազմած է 2,6 միլիառ տոլար։