Լեռնային Ղարաբաղի հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական ժառանգութիւնը այսօր կանգնած է ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման սպառնալիքի առաջ։
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան Մատենադարանին մէջ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ համատեղ կազմակերպուած համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ, որ նուիրուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։
Վահան Կոստանյեանի խօսքով՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ մշակութային ժառանգութեան վրայ յարձակումները կ’աւելնան, իսկ մշակութային ինքնութեան ժխտումը կը կիրառուի որպէս գործիք՝ հակամարտութիւններու սրման եւ միջազգային կայունութիւնը խաթարելու համար։
«Կեղծ խօսոյթներ են օգտագործւում՝ մշակոյթը դարձնելով բաժանարար գործիք, այլ ոչ թէ միաւորող գործօն։ Ցաւօք, նոյնիսկ մեր օրերում միջազգային պայմանադրութիւնների պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող սկզբունքները եւ Միացեալ ազգերի կազմակերպութեան Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներն անտեսւում են՝ ստեղծելով վտանգաւոր նախադէպեր, որոնք սպառնում են մշակութային պաշտպանութեան ընդհանուր համակարգին եւ արտացոլում միջազգային բազմակողմ հիմնարկների եւ մեխանիզմների թուլացումը»,- նշեց Վահան Կոստանեան։
Անոր խօսքով՝ այս դժուարին իրողութիւնները ծանր հետեւանքներ ունեցած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական ժառանգութիւնը այսօր կանգնած է ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման սպառնալիքի առաջ Ատրպէյճանի կողմէ։
Փոխնախարարին խօսքով՝ նման լուրջ վտանգներուն դիմակայելու համար աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտ է ամրապնդել մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած հիմնարկները եւ գործիքները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել նորարարական ուղիները մարդկութեան համատեղ ժառանգութիւնը պահպանելու համար։