Քառորդ դար մեզի կը բաժնէ այն սահմռկեցուցիչ տեսարանէն, որ պատահեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի դահլիճէն ներս՝ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին. հայոց նորագոյն պատմութեան ամենադժխեմ պահէն՝ որ հիմնովին խափանեց Հայաստանի զարգացման առաջընթաց հունը:
Պետութեան գլխատման փորձ մըն էր որ կատարուեցաւ ամենայն վայրագութեամբ. եւ այնպիսի մէկ պահուն՝ երբ երկիրը սկսած էր ոչ միայն կայանալ, այլեւ՝ դրական ու լաւատեսական քայլերով առաջ ընթանալ:
Հայաստան յաջողապէս դիմագրաւած էր արցախեան պատերազմին ողջ ծանրութիւնն ու փորձութիւնը. հայութիւնը վերջապէս թօթափած էր միշտ պարտուածի հոգեբանական բարդոյթը. միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաճակատ ներկայանալու պահը հասած էր ի վերջոյ. այդ օրերուն Հայաստան-Սփիւռք կապերը նոր խարիսխներ նետած էին՝ ունենալով համահայկական օրակարգեր. սահմաններուն վրայ հայկական զինուժին պարտադրած խաղաղութիւնը դրական նշոյլներ կը պարգեւէին բանակին եւ տնտեսութեան զարգացման համար: Եւ յեղակարծ հասաւ անսպասելի տապարի հարուածը ներքին ճակատի վրայ: Սառն ցնցուղ մը կասեցուց ոգեւոր եւ բերկրալից մթնոլորտը:
Այսօր, երբ կը խօսինք կամ երբ կը գրենք Արցախի ցաւալի կորստեան մասին, երբ կը մտորենք պարտութեան պատճառներուն շուրջ, երբ հպանցիկ ակնարկով կը վերյիշենք անցեալ քսանհինգ տարիները, անմիջապէս մեր դիմաց կը ցցուին այն կարկառուն դէմքերը, որոնք Հոկտեմբեր 27-ին դաժանաբար ինկան արիւնլուիկ վիճակով: Որովհետեւ, ա՛յդ պահուն էր որ սկսաւ վայրէջքը: Ա՛յդ դրուագն էր որ կասեցուց հայ կեանքի բնականոն եւ յուսալի ճանապարհը:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այդ օր կորսնցուց այն վերնախաւը, որ կը վայելէր ժողովուրդին սէրն ու նեցուկը: Ա՛յն ղեկավարները որոնք յաջողապէս եւ տարիներու ընթացքին ձեռք ձգած էին փորձառութիւն, վստահութիւն, միջազգային հեղինակութիւն եւ լայն համակրութիւն: Այո՛, իհարկէ խօսքը կը վերաբերի ԿԱՐԷՆ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆին եւ ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆին, ինչպէս նաեւ միւս վեց քաղաքական-պետական գործիչներուն:
Ցայսօր, հայրենի ժողովուրդը կը վայելէ Կարէն Դեմիրճեանի ժամանակաշրջանին ստեղծուած բարիքները: Ժողովուրդը երախտագիտութեամբ եւ կարօտով կը յիշէ այն օրերը, երբ Հայաստանը կը ղեկավարէր ան: Պետականաշինութեան բուռն թափով զարգացան արդիւնաբերութիւնն ու գիտութիւնը, գրականութիւնն ու մշակոյթը, քաղաքաշինութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը: Ինք օրուան մարդը չէր, այլ՝ տասնամեակներու ղեկավարը, որ կը տեսնէր գալիքը, կը նախզգար ժողովուրդին առաջնահերթ կարիքները եւ ահա ունեցանք շքեղ եւ օգտաշատ գետնուղի (մեթրօ), ունեցանք հոյակերտ մարզահամերգային համալիր, Հրազդան մարզադաշտ եւ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Խորհրդային Հայաստան կ’ապրէր իր ոսկեդարը: Իսկ այդ օրերուն Պաքուէն եւ Մոսկուայէն եկող ճնշումներուն՝ Մեղրիի ճամբով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհ բանալու, ինք դիւանագիտական խուսանաւումներով կրցաւ շրջանցել գալիք վտանգը, վարչագիտական խորամիտ քայլով հարցը փակեց՝ Մեղրին փրկելով ստոյգ թակարդէ: Անշուշտ շատ երկար կարելի է դրուատել Կարէն Սերոբիչը: Բայց՝ քսանհինգ տարիներ առաջ, ընդհատեցաւ մեծ մարդուն ստեղծագործ եւ տեսլապաշտ թռիչքը:
Վազգէն Սարգսեան, Սպարապետն ու վարչապետը օրուան մարդն էր՝ որպէս յաղթանակի, առնականութեան, կամքի ու կորովի խորհրդանիշ: Ան պատնէշներու եւ խրամատներու միջով հասաւ այն կէտին՝ ուրկէ պիտի կերտէր հզօր հայկական բանակը: Բանակաշինութեան առանցքային դէմքերէն էր ան՝ որ բարձրօրէն գնահատեց նախկին բարձրաստիճան բանակայինները, կրցաւ համախմբել եւ ճակատներ ճամբել փորձառու զինուորականները, ճկունօրէն լեզու գտաւ ռուսական կողմին հետ՝ հոնկէ զինուելով առատապէս: Ան հաւատաց բանակին եւ ուժին՝ որպէս յաղթանակի անվիճարկելի կռուաններ: Ճակատներու վրայ էր՝ զինուորի կողքին: Եւ այս այն մարդն էր՝ որ մտած էր գրականութեան ասպարէզէն ներս՝ գրական-գեղարուեստական գործեր երկնելու: Սակայն գրչի մարդը, ժամանակն ու պատերազմը վերածեցին զէնքի մարդու: Հայրենիքը ա՛յդ կը պահանջէր անտարակոյս: Եւ Վազգէն Սարգսեան ինքնավստա՛հօրէն եւ կամո՛վին ուղղուեցաւ դէպի պաշտպանութեան նախարարութիւն, բանակ եւ ապա՝ բանակաշինութիւն:
Այսպիսի՛ պայծառ անհատականութիւններ, որոնց ժողովուրդը կը նկատէր երկնառաք պարգեւներ, մի՞թէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի դահլիճէն ներս պիտի իյնային անփառունակ կերպով: Մի՞թէ դաշոյնի դաւադիր հարուածը պէտք է գար թիկունքէն՝ ներքին ճակատէ: Հո՛ս է զայրացուցիչ գործօնը: Եւ աւելին՝ մի՞թէ ցայսօր թաքուն եւ անծանօթ պիտի մնային ոճրագործներուն ետին կանգնած դրդիչներն ու պատուիրատուները: Ե՞րբ պիտի կատարուի այս յանցագործութեան ամբողջական բացայայտումը: Ե՞րբ եւ ո՞ւր իսկական հեղինակները այս նախճիրին պիտի ներկայանան դատարան՝ արդար դատաստանի, քանի կացինահարեցին Հայաստանի պետականաշինութեան եւ բանակաշինութեան թափն ու թռիչքը, միտքն ու տեսիլքը: Աւելի խոշոր յանցագործութիւն կարելի՞ էր պատկերացնել: Մինչեւ օրս դրսեւորուած լռութիւնը կարելի՞ է մարսել: Այսքան անտարբերութիւն կարելի՞ է հանդուրժել:
Ուրեմն մնաց մութ ու խորհրդաւոր առեղծուածը՝ ո՞վքեր կազմակերպեցին 27 Հոկտեմբեր 1999-ը՝ ասկէ քսանհինգ տարիներ առաջ՝ սեւ եւ անմոռանալի օր մը…:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ