Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

October 28, 2024
in Հայաստան
0
ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

 

 

«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատումի եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի ու հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատումի պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» վիճայարոյց կանոնակարգը վերջապէս վաւերացուած է: Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան կանոնակարգը ստորագրեց 24 Հոկտեմբերին, մինչ զայն նախապէս վաւերացուցած էր Ազգային ժողովը եւս, իսկ Սահմանադրական դատարանը եզրակացուցած էր, որ ան կը համապատասխանէ Հայաստանի Սահմանադրութեան:

Նշենք, որ կանոնակարգի վաւերացումը բուռն քննադատուած էր Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու կողմէ, որոնք կը հաւատան, թէ այս օրէնքը դուռ պիտի բանայ յաւելեալ զիջումներու: Ուստի, ընդդիմադիր «Սրբազան պայքար» շարժումը երէկ բողոքի նստացոյց կազմակերպեց Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին առջեւ, նախագահ Խաչատուրեանէն պահանջելով չստորագրել կանոնակարգը, սակայն ապարդիւն:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս հրամանագիր ստորագրած է, որով հաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութեան կանոնակարգը:

 

Share62Tweet39
Previous Post

  ՁԵՒԱԿԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԹՈՌՆԻԿՆԵՐԸ

Next Post
ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԹՈՌՆԻԿՆԵՐԸ

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԹՈՌՆԻԿՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.