Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքներուն գլխաւորագոյնը կը կազմէ մարդ էակի ծնունդը, սերնդագործութեան երեւոյթը։ Զաւկի մը ծնունդը ուրախութիւններուն գերագոյնն է, աստուածային գերագոյն պարգեւը մարդուն: Ծնողներու կողմէ տարիներու վրայ տարածուող զաւակներու հոգատարութիւնը օր մը կը հասնի այն ժամանակաշրջանին, երբ զաւակներ կ’ամուսնանան եւ իրենք իրենց կարգին ծնողներ կը դառնան։ Մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու կեանքի քաղցրագոյն պահերէն մէկն է այդ նոր դերին մէջ գտնուիլը, մանուկներու ծնունդի առաջին րոպէներէն սկսեալ։ Անցեալին պատահած ծննդաբերութեան շրջանի յուշերը յանկարծ կ’արթննան իրենց մէջ եւ այն ինչ որ անոնք զգացած էին այդ տարիներուն, կը վերապրին հարազատօրէն: Հոնկէ ալ կը սկսի զաւակներն ու թոռները նոյն մակարդակի սիրոյ շղթային վրայ զետեղելու ոգին։ Իրենց մոռցուած փորձառութիւնները եւ երջանկութեան պահերը նոր թափ կը ստանան։ Անոնց կեանքին մէջ երկուութիւն մը կը ստեղծուի հինին եւ նորին միջեւ: Իրենք թէ հասուն տարիքի ծնողներն են եւ թէ երիտասարդութեան շրջանի ծնողներ միանգամայն։ Այդ ալ պատճառ կը դառնայ իրենց արտասովոր զգացական արտայայտութիւններուն:
Ի՞նչ կը բերէ թոռնիկը իր մեծ հօր եւ մեծ մօր կեանքին մէջ։ Հոգեկան խինդ, ժպիտ, խանդավառութիւն, զմայլանք, հոգերէ ձերբազատուած հոգեվիճակ, խոյս տալով անախորժ իրականութիւններէ, կեդրոնացում փոքրիկի խաղերուն եւ զբաղումներուն վրայ, մայրական կամ հայրական խնամք տանելու երջանկութիւն:
Որքան լայն համբերութիւն կը նշմարուի փոքրիկներու հետ մեծ ծնողներու վերաբերմունքին մէջ: Որպէս երիտասարդ ու անփորձ ծնողներ իրենց ցուցաբերած անցեալի խիստ կարգապահութիւնը, ջղագրգիռ խօսակցութիւնը, փոքր պատահարները մեծ տարողութեամբ ընդունելու, դատելու եւ ի հարկին պատժելու սովորութիւնները ժամանցուած կը նկատուին։ Միւս կողմէ ալ երիտասարդ ծնողները մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը կը մեղադրեն թոռնիկները շփացնելու յանցանքով։ Ճիշդը այն պիտի ըլլար, որ փոքրիկի երիտասարդ ծնողքին դրած օրէնքները յարգուէին եւ փափկանկատութեամբ փոքրիկները իրենց սխալ ընթացքէն դէպի ճիշդ կերպերը վերադառնային:
Որոշ նրբութիւններ եւս նկատի առնուելու են մեծ ծնողներու կողմէ: Զոր օրինակ մէկ թոռնիկին եւ միւսին միջեւ խտրութիւն չդնելը մեծ նշանակութիւն ունի փոքրիկներուն համար, որոնք աչալուրջ կը հետեւին թէ մեծերը ի՛նչ ձեւով կը վերաբերին իրենցմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Այդ հաւասարութիւնը ակնյայտ կը դառնայ նուէրներու բաշխման մէջ, երբ մեծերը որեւէ զատողութիւն չեն դներ թոռնիկներու միջեւ։ Նոյնիսկ թոռնիկներու համար պատրաստուած ուտելիքներուն մէջ նկատի առնուելու են իւրաքանչիւրի նախասիրութիւնները առանց գոհացնելու մէկը եւ անտեսելու միւսը։
Փոքրիկներու բնական կարիքներէն գլխաւորագոյնը սէրն է, որ անոնք կը ստանան իրենց շրջապատէն։ Ծնողներէն ետք առաջին հերթին անոնք կ’ապաւինին մեծ հօր եւ մեծ մօր սիրոյն, որ անսակարկ է, ամբողջական եւ լիացնող: Նման կատարեալ սէրը մեծապէս կ’օգնէ փոքրիկին առողջ հոգեբանական աճումին, զգացական աշխարհի հարստացման եւ ինքնավստահութեան դրսեւորման:
Յաճախ առիթներ կ’ըլլան երբ ծնողներ մեծ մօր եւ մեծ հօր կը վստահին փոքրիկներու հսկողութիւնը ընկերային ձեռնարկներու ներկայ գտնուելու համար։ Այս պատեհութիւնը լաւագոյն առիթը կը համարուի թոռնիկներու հետ ժամանակ անցընելու եւ յատկապէս անոնց պատմութիւններ կարդալու կամ պատմելու: Ատկէ դուրս մտերմական զրոյցներ ընելը եւս մեծ հաճոյք է պզտիկներուն համար, ինչպէս նաեւ միասին խաղալը։ Այդ ձեւով թոռնիկներ կը փաստեն, թէ մեծ հայրն ու մեծ մայրը որքան կը սիրեն զիրենք որ այդքան ժամանակ կը յատկացնեն իրենց համար: Փոքրիկներ եւ պատանիներ հաւասարապէս կը սպասեն այն առիթին, երբ իրենց տատիկին ու պապիկին պիտի պատմեն իրենց առօրեայէ կամ ընկերական շրջանակին մէջ պատահած զուարճալի դրուագներէն։ Անոնք շատ յաճախ կը փնտռեն զիրենք լսող ականջներ, որոնք առհասարակ մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը կ’ըլլան։ Երիտասարդ ծնողները իրենց բազմազբաղ կեանքի բնոյթով շատ յաճախ չեն ունենար ժամանակը լսելու իրենց զաւակներուն պատմութիւնները:
Պատկերազարդ մանկական Աստուածաշունչերը կ’օգնեն փոքրիկներուն փոխանցելու կրօնաբարոյական պատմութիւնները եւ անոնցմով տպաւորելու իրենց հոգեկան աշխարհը: Հաճելի եւ օգտակար է նաեւ հայոց պատմութեան քաջազն հերոսներու եւ հերոսուհիներու մասին պատմելու եւ ներշնչելու փոքրիկները ու իրենց մէջ ազգային ոգին ամրապնդելու փափաքը: Փոքրիկներու համար կարեւոր է գիտնալ նաեւ իրենց գերդաստանի պատմութիւնը։ Ընտանիքի պատմութիւնը շատ յաճախ տխուր էջեր ունի, յատկապէս Եղեռնէն վերապրած հայեր ինչպիսի փորձառութիւններ ունեցած են, որոնք պարտաւոր են փոխանցել նոր սերունդին։ Այդ ձեւով է որ կ’աճի պատանիներու մօտ պահանջատիրութեան ոգին, ազգային անցեալի ճանաչողութիւնը եւ արդարութեան համար պայքարելու գիտակցութիւնը:
Կարելի չէ զանց ընել մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու դաստիարակչական դերը: Բարի սովորութիւններ մշակելը, ինչպէս ճշմարտախօսութիւնը, ծառայելու ոգին, հնազանդութիւնը, քաղաքավարութիւնը, բարեկրթութիւնը մեծապէս կ’օգնեն թոռնիկներու նկարագրի յղկման եւ կազմաւորման։ Երիտասարդ ծնողներու համար մեծ ներդրում է դաստիարակչական այս գործը, որ իրենց մեծահասակ ծնողները յանձնառու կ’ըլլան կատարելու ամբողջական նուիրումով եւ սիրով։
Ինչպէս երիտասարդ ծնողներու մօտ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնալու է իւրաքանչիւր փոքրիկի ունեցած իւրայատուկ անհատականութիւնն ու խառնուածքը, նոյնպէս մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու կեանքին մէջ եւս այդ սկզբունքը ի զօրու դառնալու է։
Ներկայ փոքրիկներու կեանքը եւս նուաճուած է արդի դարու արհեստագիտութեան բերած նորարարութիւններով։ Բջիջայիններու եւ համակարգիչներու հետ կապուած զբաղումներն ու խաղերը հսկողութեան տակ առնելը դարձած է ծնողներու գլխաւոր մտահոգութիւնը ներկայիս: Անոնց ունեցած դրական ազդեցութիւններէն աւելի ժխտականները կը գերիշխեն եւ հարկաւոր է զանոնք սահմանափակել: Հաւաքական հարուածային աշխատանք հարկ է տանիլ որպէսզի մեր դեռատի սերունդները ոչ թէ մտքով ու բարոյապէս քայքայուին արհեստագիտութենէն, այլ իրենց կազմաւորման նուրբ փուլին աճին ու զարգանան դրական առողջ քայլեր առնելով:
Թոռնիկներու սէրն ու յարգանքը վայելելու համար մենք պէտք ունինք նախ սիրելու իրենց ծնողները եւ նպաստելու անոնց ընտանեկան կեանքի ուռճացման։ Սիրելու ենք մեր հարսերը եւ փեսաները, որոնք տարբեր ընտանիքներէ եկած եւ միացած են մեր ընտանիքին: Զանոնք նկատենք մեր հարազատ զաւակները եւ ստեղծենք սիրոյ ջինջ մթնոլորտ մը ընտանեկան մեր յարկերէն ներս: Թոռնիկները կը նկատեն սիրոյ եւ հաւատարմութեան այս արտայայտութիւնները եւ առաւելագոյն չափով կ’օգնեն ընտանեկան երջանկութեան։ Անոնք կը դառնան արժանաւոր թոռնիկներ, լեցուն սիրով հանդէպ իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը եւ կը հանդիսանան պատուաբեր զաւակները ազգին եւ ընտանիքին։
Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» գիրքէն