Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՁԵՒԱԿԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

October 28, 2024
in Միջազգային
0

 

ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներ դատապարտեցին լիբանանեւսուրիական սահմաններու շարունակական ռմբակոծումը: Իսկ ի տես լիբանանեան հիւանդանոցներու հետեւողական թիրախաւորումին, Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատարը յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ աղէտալի մարդասիրական ճգնաժամ մը, կոչ ուղղելով հիւանդանոցները պաշտպանելու պատերազմի վտանգաւոր հետեւանքներէն:

Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարար Տէյվիտ Լամի վստահեցուց, որ Լոնտոն կը շարունակէ աջակցիլ լիբանանեան բանակին: Ան նաեւ խոստացաւ շարունակաբար աշխատիլ՝ Լիբանանի հարաւային սահմանին վրայ անյապաղ զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ: Նախարարը կը խօսէր բրիտանական բանակէն լիբանանեան բանակին տրամադրուած բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւններու փոխանցումի լոյսին տակ: Իսկ Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը 1701 բանաձեւը համարեց լաւագոյն միջոցը՝ ապահովելու թէ՛ Իսրայէլի անվտանգութիւնը, թէ՛ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու միասնութիւնը: Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել իր կարգին ահազանգեց, որ Լիբանանի մէջ մրցավազք է ժամանակի դէմ, պահանջելով անյապաղ գործադրել 1701 բանաձեւը: Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Իսրայէլին փոխանցած է իր մտահոգութիւնը՝ Պէյրութի հետեւողական թիրախաւորումին առնչութեամբ, նկատի առնելով անոր խիտ բնակչութիւնը: Իսկ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդը հաւաստիացուց, որ Հըզպալլա տակաւին ուժեղ է ու կը մնայ Լիբանանը պաշտպանող կարեւորագոյն ուժը:

Share63Tweet39
Previous Post

1701-Ը ԼՈՒԾՈՒՄԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈՑ

Next Post

ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Next Post
ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.