Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

October 28, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

 

 

Մարդասիրական միջազգային բոլոր ուխտերու, նոյնիսկ պատերազմի օրէնքներու բացայայտ խախտումներով կը շարունակուին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւնները, կտրականապէս անտեսելով հանդարտութեան եւ զինադադարի միջազգային՝ ընդ որում դաշնակիցներու կոչերը: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու կեդրոնը երէկ հաղորդեց, թէ երեք լրագրող զոհուած է Հասպայայի իրենց կեցութեան վայր պանդոկի թիրախաւորումին պատճառով: «Մայատին» հեռատեսիլի կայանէն Ղասսան Նաժժար եւ «Մանար»-էն Ուիսամ Քասէմ հարաւ կը գտնուէին՝ լուսաբանելու պատերազմը եւ բացայայտելու իսրայէլեան ոճրագործութիւնները: Նոյն հարուածէն վիրաւորուած են նաեւ երեք լրագրողներ: Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի պատերազմի ոճիր համարեց լրագրողներու ահաբեկումը, նշելով որ այդ կատարուած է հետեւողական հետապնդումներէ ետք: Լրագրողներու սպանութիւնը դատապարտեցին նաեւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ լրատուական հաստատութիւններ: Լրագրողներու թիրախաւորումը արժանացաւ նաեւ միջազգային խիստ դատապարտումի: ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գրասենեակը յիշեցուց, որ լրագրողները քաղաքացիներ են եւ միջազգային օրէնքով պէտք է զանոնք պաշտպանել բոլոր հակամարտութիւններուն ընթացքին:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած է 11 լրագրող, ութ վիրաւորներու կողքին: Միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում համարելով իսրայէլեան գործողութիւնները, Ապիատ ահազանգեց, թէ ցարդ զոհուած է առողջապահական համակարգի 151 աշխատակից, իսկ շտապ օգնութեան խումբերէն ծառայող ութ նահատակներ տակաւին կը գտնուին թիրախաւորուած ինքնաշարժներուն մէջ, սակայն իսրայէլեան բանակը չ’արտօներ մօտենալ անոնց եւ տարհանել զոհերուն մարմինները: «Ցարդ գրանցած ենք 55 յարձակում լիբանանեան հիւանդանոցներուն վրայ, որոնցմէ 36-ը՝ ուղղակի թիրախաւորում էր», ըսաւ Ապիատ, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով անյապաղ վերջ տալ իսրայէլեան ոճիրներուն:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի միւս կողմէ շտապ օգնութեան խումբերը զգուշացուց Հըզպալլայի հետ համագործակցելու վտանգներէն: Պնդելով, որ «Հըզպալլա շտապ օգնութեան մեքենաները կը գործածէ զէնք եւ զինեալներ փոխադրելու համար», իսրայէլացի բանբերը սպառնաց այսուհետեւ ռմբակոծել նաեւ այդ կասկածելի մեքենաները:

Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին նաեւ հարաւային Խըրպէթ Սըլմ, Խիամ, Մանսուրի եւ Քֆարհունա գիւղերը, պատճառելով չորս զոհ եւ քանի մը վիրաւոր: ԵՈՒՆԻՖԻԼ եւս զերծ չմնաց իսրայէլեան կրակոցներէն: Խաղաղապահ ուժերու բանբերը յայտնեց, որ իրենց կեդրոնները իսրայէլեան թիրախաւորումի ենթարկուած են Եարին, Պէյթ Լէյֆ եւ Քֆարշուպա գիւղերուն մէջ: Շտապ գործողութիւններու լիբանանեան կեդրոնին համաձայն, 24 ժամերու մէջ արձանագրուած է իսրայէլեան 125 օդային հարուած, պատճառելով 41 զոհ եւ 133 վիրաւոր:

Իսկ Սուրիոյ հետ սահմանագիծին վրայ, իսրայէլեան օդուժը երէկ հարուածեց Հըրմէլի Ժուսիէ անցակէտը՝ Հըզպալլային պատկանող ենթակառոյցներ թիրախաւորելու պատրուակով: Երէկ եւ նախանցեալ օր գիշերուայ ժամերուն ծանրօրէն ռմբակոծուեցան նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները:

Share62Tweet39
Previous Post

ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Next Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ

Next Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.