Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

October 25, 2024
in Միջազգային
0
ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն յայտնեց, որ ինք կ’ակնկալէ, որ բանակցող կողմերը յառաջիկայ օրերուն պիտի հանդիպին՝ քննարկելու համար Կազայի մէջ հրադադար հաստատելու օրակարգը:

Ան Տոհայի մէջ Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար Մոհամմատ պըն Ապտըլ Ռահմանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ իրենք պէտք է շարունակեն ծրագիր մշակել պատերազմի աւարտէն ետք մինչեւ Իսրայէլի դուրս գալը Կազայէն: Ան աւելցուց, որ կարեւոր պահ է, որովհետեւ Իսրայէլ հասաւ իր առջեւ դրուած ռազմավարական նպատակներուն, ընդ որում նաեւ աշխատանք պէտք է կատարուի ապահովելու գերիներու վերադարձը իրենց տուները եւ աւելի լաւ ապագայ կերտելու Կազայի ժողովուրդին համար:

Պլինքըն յայտնեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Կազայի կարիքաւոր ժողովուրդին օգնութիւն ապահովել, եւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ ինք Իսրայէլէն խնդրեցին ճշգրիտ ընթացակարգեր ճշդել՝ Կազայի կարիքաւորներուն օգնութիւն հասցնելու համար:

Բացի ատկէ, ան նշեց, որ իրենք կը փափաքին, որ տարածաշրջանին մէջ հետագայ լուրջ լարուածութեան մագլցում չտեսնեն: Իրենք կը պաշտպանեն Իսրայէլի իրաւունքը՝ պաշտպանուելու Իրանի դէմ եւ չեն փափաքիր լարուածութեան արտասովոր մագլցում տեսնել շրջանին մէջ:

Լիբանանի վերաբերեալ Պլինքըն պնդեց, որ իրենք պէտք է երաշխաւորեն, որ Իսրայէլ շարունակական արշաւ չսկսի Լիբանանի մէջ, եւ ըսաւ, որ բազմաթիւ ճիգեր կը թափուին դիւանագիտական լուծման յանգելու համար Լիբանանի մէջ, որ կ’արտօնէ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը: Ան յայտնեց, որ Քաթար կարեւոր օգնութիւն ցուցաբերած է լիբանանեան բանակին, ինչպէս ամսաթոշակներն ու վառելանիւթը, եւ աւելցուց, որ կը փափաքին լրացնել նախագահական թափուր աթոռի հարցը Լիբանանի մէջ։

Share63Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԹԻՐԱԽ    

Next Post

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Next Post
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԵՒՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.