Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԹԻՐԱԽ    

October 25, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԹԻՐԱԽ    

     Նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց 17 յարձակում: Իսրայէլեան նախայարձակումներուն եւ թշնամական գործողութիւններուն սկիզբէն արձանագրուած է 2574 զոհ եւ 12.001 վիրաւոր:

Դիմադրութիւնը երէկ հրետանային հրթիռներով թիրախաւորեց իսրայէլեան ուժերը Այթարուն գիւղաքաղաքին մօտակայքը եւ Հըպպարիէ շրջանը:

Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի Եաթեր գիւղի մօտ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործեց լիբանանեան բանակի զինուորներու վրայ, որոնք վիրաւորներուն կ’օգնէին: Երեք զինուոր, ներառեալ սպայ մը, նահատակուած են:

Իսրայէլ Քահալէի մէջ թիրախաւորեց «Թոյոթա» տիպի ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցան երկու զոհ եւ երկու վիրաւոր: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի իսրայէլեան չորս հրթիռներ թիրախաւորեցին Ճիպէյլի Ժըրտ Ալմաթ շրջանը:

Դիմադրութիւնը իսրայէլեան ուժերու հետ զերօ հեռաւորութեան վրայ բուռն մարտեր մղեց Այթա Շաապի մէջ: Բուռն մարտերու մէջ «Միրքաւա» տիպի հրասայլ մը օգնութեան հասնելու ընթացքին քանդուած է: Կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Պեքաայի Խտըր գիւղի մէջ հրթիռարձակման հետեւանքով արձանագրուեցան 7 զոհ եւ 14 վիրաւոր: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Լիբանանէն 50 հրթիռ արձակուած է Գալիլիոյ ուղղութեամբ:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ      

Next Post

ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Next Post
ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԿԱԶԱՅԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.