25 Հոկտեմբեր 2024: Տարուան 299-րդ օրն է (նահանջ տարի)։
2024-ի աւարտին կը մնայ 67 օր։
Դէպքեր – Տօներ
1920 – Հաճըն-Թըլան: Թըլանի ագարակի կառավարիչին 20-22 տարեկան տղան Մէհմէտ անունով, խոստացաւ ապահով ճամբայ մը ցոյց տալ, պայմանաւ որ 10-15 վայրկեանի չափ պէտք է դէպի ետ քալել, անկէ ետք ճամբան փոխելով Անաւարզայի բերդին քովէն, ճախճախուտ վայրի մը մէջէն անցնելով Ճիհանի մօտ ապահով վայր մը կը հասնինք: Վիրաւորները իրենց իսկ կամքով մնացին հոն եւ այն տպաւորութիւնը տուին, որ իբր պաշտպանութիւնը կը շարունակուի: 300-ի մօտ փախստական հաճընցիներու խումբը ճախճախուտին մէջէն կը շարժի դէպի Ճիհան: Ճամբան Թօսուն Աբրահամ ետ կը մնայ եւ Մէրճիմէկ գիւղին մօտ թշնամիին հանդիպելով կը նահատակուի: (Մեսրոպ Շխրտըմեան)
473 – Լեւոն Ա. կայսրը Բիւզանդիոյ կայսր կը հռչակէ իր թոռը Լեւոն Բ.-ը:
1962 – Ուկանտան ՄԱԿ-ի անդամ կը դառնայ:
1917 – Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը Ռուսաստանի մէջ:
Ծնունդներ
1825 – Եոհան Շթրաուս, աւստրիացի երգահան, խմբավար եւ ջութակահար, ճանչցուած է որպէս «վալսի արքայ», բազմաթիւ պարային ստեղծագործութիւններու եւ օփերեթներու հեղինակ։
1881 – Փապլօ Փիքասօ, բուն անունն է՝ Փապլօ Տիեկօ Խոսէ Ֆրանսիսքօ Տը Փաուլա Խուան Նեփոմուսէնօ Մարիա տը լօս Ռեմեթիոս Սիփրիանօ Տը լա Սանտիսիմա Թրինիտատ Ռուիս ի Փիքասօ: Սպանացի նկարիչ, գծանկարիչ, քանդակագործ։ 20-րդ դարու արուեստի ամենայայտնի կերպարներէն մէկն է։
1913 – Անտոն Երուանդի Քոչինեան, կուսակցական եւ պետական գործիչ։ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան (ՀԿԿ) կենտկոմի առաջին քարտուղար (1966–1974)։
1952 – Սամիր Ֆարիտ Ժաաժա, առաջնորդն է «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան։ Մարտ 14-ի Միութեան առաջնորդներէն մին է՝ Սաատ Հարիրիի, Ուալիտ Ճոմպլաթի եւ Ամին Ժեմայէլի հետ։
1920 – Յովհաննէս Բարսեղեան, հայ ականաւոր լեզուաբան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր:
1984 – Քեթի Փերրի, ամերիկացի երգչուհի եւ դերասանուհի
1988 – Չենտլըր Փարսընզ, ամերիկացի պասքեթպոլիստ, Տալաս Մավերիքսի խաղցող:
Մահեր
1400 – Ճէֆրի Չոսըր, անգլիացի բանաստեղծ:
1833 – Ապպաս-Միրզա, պարսիկ քաղաքական գործիչ:
1915 – Հանս Վանկընհայմ, գերմանացի դիւանագէտ:
1973 – Սարգիս Պարխուտարեան, խորհրդային երգահան:
1992 – Վաղարշակ Կոտոյեան, խորհրդային երգահան:
1993 – Վինսընթ Փրայզ, ամերիկացի դերասան: