Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

October 25, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Յաջորդական երկու օրերու վրայ երկարող յիշատակի արարողութիւններով, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի շրջանի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ այս տարի եւս արժանաւայել ձեւով յարգուեցաւ յիշատակը այն բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք ինկան 1920 թուականին պատմական Հաճնոյ մէջ ութամսեայ գոյամարտի ընթացքին:

Արդարեւ, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Կայծ» վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ ճիտապուրի պատրաստութիւնը:

Իսկ յաջորդ առաւօտ՝ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ալֆորվիլի Սուրբ Պօղոս եւ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, արժանապատիւ Տ. Տիրայր քահանայ Քէլէճեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը:

Այնուհետեւ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ հոգեճաշ՝ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ մօտ 65 հայրենակիցներու ներկայութեամբ:

Հոգեճաշի բացումը հակիրճ խօսքով կատարեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան անդամուհի՝ հայրենակցուհի Արմիկ Տագէսեան-Մկրտիչեանը: Ապա բարիգալստեան եւ սրտի խօսքերով հանդէս եկան Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ատենապետ հայրենակից տոքթ. Յակոբ Գրքեաշարեանը, հայրենակից Գէորգ Սաչլեանը եւ հայրենակցուհի Հայկանուշ Գրքեաշարեանը:

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

Անտիպ քերթուածներ Երուանդ Գարաճեանէն (ԲԱԶԷ)

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.