ԴԵՌ Կ’ԱՊՐԻՆ…
Արեւն ի՜նչ լաւ է դուրսը,
Մինչ խափանած է լոյսը
Մարդոց համար, որոնք մըթին
Մառաններու մէջ, օրերով,
Կը սպասեն զո՜ւր, զո՜ւր լոյսի մը նըշոյլին։
Բայց դեռ կ՚ապրին, քանզի ունին
Իրենց հոգւոյն մէջն ուժ, կորով:
Ռումբերը կը գոռան միշտ.
Մարդոց սրտին՝ լաց ու վիշտ,
Չեն գիտեր թէ կիսաքանդ է տունն իրենց՝
Թէ արդէն իսկ խորտակուած.
Չեն գիտեր թէ ո՜վ է մեռած,
Ո՜վ է ողջ, այլ կը հայցեն որ Աստուած
Գըթայ իրենց քիչ մը միայն,
Պարգեւելով խաղաղութիւնն իր համայն:
Մինչ անդադար դեռ կը գոռան
Չորս դին ռումբերը գազան:
Անտէր ու անօգնական, վիրաւորի մը անդին
Պաղատանքի ճիչերը հուսկ կը մարին։
ԲԱԶԷ