Ամէն տարի, աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը մեկնարկէ իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Վերամուտի առիթով կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Դպրեվանքի տեսուչին ձեռամբ, եւ կը կատարուի հանդիսաւոր բացման հանդիսութիւն՝ սաներուն կազմակերպութեամբ ու կատարողութեամբ։
Առ այդ, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2024-ին, օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Բրաբիոն Տումանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի 94-րդ տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցչաց կազմին, տիկնանց յանձնախումբին եւ Դպրեվանքի բարեկամներուն։
Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իբրեւ նորութիւն, ան յայտնեց, որ այս տարեշրջանին եւ առաջին անգամ ըլլալով Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին միացած են Արցախէն ուսանողներ, Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն եւ հայրենիքէն ուսանողներու կողքին, ինչպէս նաեւ, Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, այս տարի Դպրեվանքը օժտուած է համալսարանաւարտ ուսանողներու յատուկ ծրագիրով մը, որուն թիրախն է կղերականի կոչում ունեցող համալսարանաւարտ երիտասարդին կազմաւորումը։ Տեսուչ հայր սուրբը յիշեցուց նաեւ, որ թէեւ Նորին Սրբութիւնը այս օրերուն հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմ, սակայն ան ամէնօրեայ դրութեամբ կապ կը հաստատէ Դպրեվանքի տեսչութեան հետ եւ կը հետեւի վերամուտի աշխատանքներուն՝ իր օրհնութիւնները փոխանցելով։
Տեսուչ հայր սուրբին խօսքէն ետք, յանուն Նորին Սրբութեան, խօսք առաւ Դպրեվանքի նախկին տեսուչներէն եւ ներկայիս «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու եւ ձեռագրերու բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց ի տես նոր տարեշրջանի բացման եւ քանի մը կէտերով ամփոփեց օրուան պատգամը։ Մէջբերելով Թարգմանչաց սերունդի նուիրուած շարականին մէջ գրուած «գիր կենդանին հաստատեցինք» եւ «սուրբ Մեսրոպի մաքուր յարգանքին մէջ նկարագրուեցաւ» տողերը, ան սաները հրաւիրեց «նկարագիր» բառի հոլովոյթին մասին մտածելու, մանաւանդ ներկայ դարուս «նկարագիր» բառին բուն իմաստին կորսուելուն լոյսին տակ։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Աստուած մեզ ստեղծած է Իր պատկերին ու նկարագիրին համաձայն, ուստի մենք կը ծնինք նկարագրով մը. կը կրթուինք, կը դաստիարակուինք եւ կը պատրաստուինք որպէս մարդ՝ կազմելով մեր նկարագիրը, որ ենթակայ է յարատեւ կառուցուելու։ Դպրեվանքը այն գուռան է, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յատուկ նկարագիր մը կը տրուի սաներուն՝ անոր ամէնէն կարեւորը ըլլալով ազնուութիւնը, հաստատեց Շահան արքեպիսկոպոս եւ մաղթեց, որ Դպրեվանքի 94-րդ տարեշրջանին սաները հաւատարիմ ըլլան իրենց նկարագրի կերտման, Աստուծոյ պատկերին նմանութեան եւ Անոր կենդանի գիրին։
Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ գեղարուեստական բաժին. Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը շարականներ ու ազգային երգեր։ Լեւոն Սեդրակեան ընթերցեց Աստուածաշնչական հատուած մը, իսկ Մինաս Սրկ. Ճանսըզեան արտասանեց Սիամանթոյի «Տեսիլքը»։