Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպած են Ռուսաստանի Դաշնութեան Քազան քաղաքին մէջ՝ BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ։
Կողմերը քննարկած են երկկողմ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմաններու սահմանազատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։
Արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրին շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։