Հայաստանի ու Թուրքիայի համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին՝ գնահատելու Կիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերագործարկման պայմանները, յայտնեց հայ-թրքական կարգաւորման հարցով Հայաստանի բանագնաց, խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան։ Ըստ անոր, սակայն, դեռ հանդիպման օր չէ նշանակուած։
«Ինչպէս նախկինում արել ենք, օրինակ, Մարկարայի կամրջի վերաբերեալ համատեղ հետազօտութիւն, շուտով նման հետազօտութեան համար հանդիպում կը լինի միջգերատեսչական Հայաստանի եւ Թուրքիայի ներկայացուցիչների, որպէսզի այս պայմանաւորուածութիւնը իրագործենք, նկատի ունեմ՝ գնահատելու համար պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Կիւմրի-Կարս երկաթգծի վերագործարկման համար»,- ըսաւ ան:
Հայաստանի բանագնացը մանրամասնեց՝ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան նախօրէին խորհրդարանին մէջ այս պայմանաւորուածութիւնը նկատի ունէր, երբ կ’ըսէր, որ կողմերը վստահութեան ամրապնդման որոշակի միջոցառումներ պիտի իրականացնեն։
Ռուբէն Ռուբինեան, որ անցեալ ամիս յայտնած էր՝ Երեւանը յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անքարաէն քաղաքական կամք կ’ակնկալէ, այսօր ընդհանուր խօսեցաւ: Ըսաւ՝ քննարկումները կը նպաստեն, որ կողմերը միմեանց դիրքորոշումները աւելի լաւ ընկալեն։ Իսկ եթէ քաղաքական կամք չկայ, ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններն ալ կեանքի չեն կոչուած, այդ պարագային ի՞նչ ակնկալիքներ կան նոր ծրագրերէն։
«Մենք ակնկալիքներ ունենք, որ մեր բոլոր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները կ’իրագործուեն, եւ ընդհանուր առմամբ մենք ակնկալիք ունենք, որ կարգաւորման գործընթացը կ’աւարտուի դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմամբ եւ սահմանների բացմամբ։ Մենք պատրաստ ենք դա անել հէնց վաղը»,- պատասխանեց Ռուբինեան։
«Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը երկու տարբեր գործընթացներ են, արդեօք կարող են դրանք փոխազդել միմեանց վրայ, կարող են, օրինակ, ես կարծում եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացում առաջընթացը մեծապէս կը նպաստի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին»,- նշեց իշխանական պատգամաւորը։
Հարցումին, թէ կը տեսնէ՞ հնարաւորութիւն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորումը աւելի շուտ դրական հանգրուանի կը հասնի, քան հայ-ատրպէյճանականը, Ռուբինեան արձագանգեց.- «Ի հարկէ, տեսնում եմ։ Ես չեմ ասում, որ այդպէս կը լինի, նոյնիսկ չեմ ասում, որ լաւատես եմ կամ լաւատես չեմ»։