Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՅԵԱՆ

October 24, 2024
in Յօդուածներ
0
ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՅԵԱՆ

 

Միհրան Գայեան ծնած է Հաճըն, 1874–ին։

Կրթութիւնը կը ստանայ Հաճնոյ մէջ։ Կը զբաղի ուսուցչութեամբ։

Երիտասարդ տարիքին կը ներգրաւուի յեղափոխական շարժման մէջ։ Կը մասնակցի Կիլիկիոյ եւ Փոքր Հայքի ֆետայական շարժումներուն։ 1892–ին կը դառնայ Հաճնոյ մասնաճիւղին ղեկավարը։ Կը ձերբակալուի եւ աւելի քան տարի մը կը մնայ Էտիրնէի բանտին մէջ։

1894–ին, մինչ կը վարէր Չորք Մարզպանի հայկական դպրոցին տնօրէնութիւնը, կը ծանօթանայ Աղասիին ու կը մասնակցի Զէյթունի ապստամբութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այդ ծիրին մէջ կը մեկնի Հաճըն. հոն եւս, Զէյթունի հետ համատեղ, ապստամբութիւն նախապատրաստելու համար։ Այս ծրագիրը չ’իրականանար։

Զէյթունի 1895–96 թուականներու ապստամբութեան կ’ընտրուի Պատերազմական խորհուրդի անդամ։ Մեծ կ’ըլլայ անոր դերը ապստամբութեան յաղթական աւարտին մէջ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք կը շարունակէ իր յեղափոխական գործունէութիւնը։

1909–ի Ատանայի կոտորածին կը կազմակերպէ Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը, որուն շնորհիւ շրջանը զերծ կը մնայ ջարդերէ։

Սահմանադրութեան շրջանին կը դառնայ Կիլիկիոյ շրջանի Հնչակեան պատասխանատուներէն։ Այդ պաշտօնով կը մասնակցի կուսակցական ժողովներու։ 1915–ին կը ձերբակալուի եւ կ’ենթարկուի գազանային չարչարանքներու, որոնց կը դիմադրէ հոգեկան մեծ արիութեամբ։

Կը տարագրուի։ Կիլիկեցիներու տուն դարձին՝ կը վերադառնայ Հաճըն, ուր կը շարունակէ ուսուցչական եւ կուսակցական գործունէութիւնը։ 1920–ին, կը նշանակուի Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ատենապետ։ Հաճնոյ հերոսական ինքնապաշտպանութեան ամբողջ ընթացքին, փորձառու յեղափոխականը խիզախութեամբ կը ղեկավարէ մարտերը։ Ընդհանուր նահանջին կ’անցնի Սիս։ 20 Հոկտեմբերին, Թըլան հասնելու ճամբուն վրայ, Պուճախի մօտ կը սպաննուի:

Միհրան Գայեան մէկն է այն լռակեաց գործիչներէն, որոնք անձնուիրութեամբ մասնակցեցան հայրենիքի ազատագրութեան գործին։

 

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Արիւնոտ գոյերթի վկաներ» գիրքէն

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՃՆՈՅ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Next Post

ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԱՄԱԿ ՓԱՐԱՄԱԶԻՆ՝ ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆԷՆ

Next Post
ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԱՄԱԿ ՓԱՐԱՄԱԶԻՆ՝ ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆԷՆ

ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԱՄԱԿ ՓԱՐԱՄԱԶԻՆ՝ ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.