Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

October 24, 2024
in Յօդուածներ
0
ՀԱՃՆՈՅ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

 

Հաճնոյ Հերոսամարտի վերջին օրերուն, երբ պարէնն ու ռազմամթերքը ամբողջապէս սպառած էր, Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան խորհուրդը յուսահատ վերջին ճիգով մը Ատանա կը ղրկէ 3 սուրհանդակներ՝ օգնութիւն հայցելու յոյսով։ Բ․ վաշտի Ա․ յիսնեակի Գ. տասնեակի տասնապետ Միսաք Կէօզիւքիւչիւքեան, Արթին Մէտէնեան եւ Գրիգոր Սաչեան ճամբայ կ’ելլեն 3 Հոկտեմբեր 1920-ին (Հաճնոյ անկումէն 12 օր առաջ): Նամակին բնագիրը Հաճնոյ գաւառաբարբառով է: Ստորեւ կը ներկայացնենք ատենապետ Միհրան Գայեանի ստորագրութեամբ սուրհանդակներուն յանձնուած՝ Ատանա տարուելիք անպաճոյճ, բայց սրտառուչ նամակին թարգմանութիւնը:

«Ձեր աղուոր նամակը Օգոստոս 19-ին ստացանք: Կոկիկ բառով ու ոճով գրուած էր:

Երբ նամակնիդ ստացանք շատ ուրախացանք, յուսացինք որ մօտ ատենէն պիտի հասնի փրկութիւնը, բայց երբ ձեր խօսքը չէք յարգեր, մեր ուրախութիւնն ու յոյսը զմեզ չափազանց վհատեցուց, կրնանք ըսել որ զմեզ կորսնցուց, երկու ամիս ըսէ եւ անցիր…:

Ո՞ւր է ուժ, ո՞ւր է լուր, արդեօք մեզի թշնամութի՞ւն ունիք թէ ոչ բարեկամութիւն, որ մեզի այսպիսի նամակ կը գրէք, խոստումներ կ՚ընէք ու չէք կատարեր: Մեր կեանքին հետ կը խաղաք, այսչափ նեղ մնացած թշուառ ժողովուրդը անիրագործելի հաւաստիացումներով օրօրելը որչափ մեծ ոճիր ըլլալը չի կրցա՞ք մտածել:

Հայրենակիցնե՛ր, մեր ցաւը ձեզի կրնանք պատմել։ Մենք թուրքին թնդանօթէն, զէնքէն, գնդացիրներէն եւ արագահարուածներէն չենք վախնար, երկու ամիս առաջ ամբողջ ձեռք ձգեցինք: Կրկին կրնանք առնել, բայց մեր ստամոքսը թափուր է եւ այդ ամրապնդելու ճանապարհը չենք կրնար գտնել. ատիկա է որ զմեզ ահաբեկեց 20 հոգի զոհելով ձեռք ձգած կերակուրնիս չբաւեց երեք օր: Անօթութենէ մեռնողներուն թիւը սկսաւ շատնալ: Փամփուշտով մեռնող 200 հոգիներուն երանի կը կարդանք: Ինչո՞ւ այս գորշ մարդուն (Ֆրանսայի) մարդասիրութիւնն ու կարեկցութիւնը վերջ գտան: Մեզմէ վա՞զ անցաք․ զմեզ մեռնելո՞ւ դատապարտած էք. մեռնինք՝ կարեւորութիւն չունի, բայց ձեր նամակներուն վրայ մեր ընելիքը յետաձգեցինք: Ձեռքերնիս կապուած ձեզի նայեցանք, ատենը անցաւ, իսկ մտադրուած ընելիքնիս այս պահուն գործադրելու ժամանակ չմնաց:

Հայրենակիցնե՛ր, մեր իտէալը սա է.- Եթէ ընդփոյթ օգնութեան չհասնիք, մենք ո՛չ գնդակով, ո՛չ ալ դանակով, այլ՝ անօթի պիտի մեռնինք: Մենք երկայն չգրեցինք․ քիչէն գուշակեցէք: Նամակաբեր տղոցմէ կրնաք հասկնալ. ինչ որ ըսեն աւելի չէ՝ պակաս է: Հաճնոյ յոյսը դուք էք, շարժեցէք, եթէ չշարժիք եւ օգնութեան չհասնիք, ժողովուրդը սա փորձանքէն չազատէք, պատմութիւնը անէծք պիտի կարդայ ձեզի։

Հազարաւոր անմեղ մեծերուն, պզտիկներուն եւ ութ ամիս կռուող կտրիճներուն մեղքն ու արիւնը ձեր վիզն է։ Մեր ուրուականը ձեր անկողիններուն մէջ ձեզ պիտի չքնացնէ: Ուրիշ ըսելիք չունինք: Մնաք բարեա՛ւ:

Քաղցէն լացող մանչեր, այրի կիներն ու կտրիճները բարեւ ունին: Մենք ալ մասնաւոր բարեւ կ՚ընենք ամէնքիդ:

Ի Դիմաց Հաճնոյ Ինքնապաշտպանութեան Կոմիտէի

Ատենադպիր՝ Յ. ՉԱՅՃԵԱՆ             Ատենապետ՝ Մ. ԳԱՅԵԱՆ

3 Հոկտեմբեր 1920, Հաճըն

Յ.Գ.- 7-8-1920-ին յարձակելով իրենց ձեռքը գտնուող թնդանօթը, երկու գնդացիր, երկու արագահարուած եւ երեսուն սնտուկի չափ արճիճ գրաւեցինք։ Թշնամին ամէն տեղ կայ, բայց քիչ մը հեռացաւ:

24-9-1920-ին մեր տղաքը Ռումլու յարձակեցան: Ռումլուն եւ Կէօզէլլիմը այրեցին, քանի մը հօտ եւ անասուններ բերին եւ ժողովուրդին բաժնեցին: Անոնցմով այսօր կ՚ապրին։ Էշ, ձի չունենալնուս համար շատ ապրանք չկրցինք բերել։ Այս յարձակումի պահուն «Միլլիճի»ներուն շատ մը գրութիւնները ձեռք անցուցինք: Վստահելի ճամբայ մը չկայ որ ձեզի ղրկենք, որ ապագային պէտք պիտի ըլլայ։ Կը յուսանք ճամբայ մը ձեռք կ՚անցնի»։

Նոյնք

Յակոբ Պօղոսեանի «ՀԱՃԸՆԻ ընդհանուր պատմութիւնը» հատորէն, Անթիլիաս 2004

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post

ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՅԵԱՆ

Next Post
ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՅԵԱՆ

ՄԻՀՐԱՆ ԳԱՅԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.