Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԷՅՐՈՒԹ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԵԾ ԵՕԹՆԵԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

October 24, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԷՅՐՈՒԹ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԵԾ ԵՕԹՆԵԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ողջունեց մեծ տնտեսութիւններու եօթնեակի նախարարական ժողովէն բխած հաղորդագրութեան Լիբանանին վերաբերող հատուածը, ուր կոչ կ’ուղղուի անյապաղ յայտարարելու զինադադար եւ յանձնառու մնալու հակամարտութեան դիւանագիտական լուծումին՝ գործադրելով ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը: Յայտարարութիւնը կը կարեւորէ նաեւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը, պահանջելով խաղաղապահները զերծ պահել ռազմական գործողութիւններու վտանգներէն ու պաշտպանել քաղաքացիները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին ամբաստանեց 1559 եւ 1680 բանաձեւերու գործադրութենէն խուսափելու մէջ: «Անոնք չեն ուզեր պահանջել Հըզպալլայի ապազինումը», ըսաւ Ժաաժա եւ կարծիք յայտնեց, որ այժմու պատերազմը Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ է: Ան կառավարութենէն պահանջեց յանձնառու մնալ միջազգային որոշումներուն՝ խուսափելու համար աւելի մեծ աղէտէ մը: «Պէտք է գործադրել 1559 բանաձեւը եւ ապազինել զինուած ապօրինի կազմակերպութիւնները», պահանջեց Ժաաժա եւ յիշեցուց, որ ինք պատերազմէն առաջ ահազանգած էր գալիք վտանգէն, Միքաթիէն պահանջելով անկեղծ խօսիլ Հըզպալլայի հետ  ու գործադրել Թայէֆի համաձայնութիւնը, «որովհետեւ եթէ լիբանանեան բանակը տեղակայուած ըլլար սահմանային նոյն դիրքերուն մէջ, ապա Իսրայէլ պիտի չյարձակէր Լիբանանի վրայ»:

Նախկին նախագահներ Միշէլ Սլէյման եւ Էմին Ժմայէլ ու նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դրուատեցին լիբանանեան հարցերուն Իրանի միջամտութիւնները դատապարտող վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի դիրքորոշումները: Պիքֆայայի մէջ գումարուած ժողովէն ետք, նախկին պաշտօնատարներու եռեակը կարեւորեց լիբանանեան միասնականութիւնը եւ ներքին կայունութեան պահպանումը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ կեդրոնանալ երկիրը փրկելու ջանքերուն վրայ, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ իսրայէլեան սպանդներուն: Սլէյման, Ժմայէլ եւ Սինիորա հրապարակեցին հինգ կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագիր մը, որ կը ներառէ զինադադարի անյապաղ յայտարարութիւն, ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւն, հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն ու վերջապէս պետական հաստատութիւններու եւ անոնց գործունէութեան վերականգնում:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

Next Post
ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.