Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

October 24, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՀԱՒՈՐ ՀՐԴԵՀՆԵՐ ԵՒ ԶՈՀԵՐ

 

 

Մեթնի Ռապուէ շրջանի մերձակայ անտառներուն մէջ երկու օր առաջ բռնկած հսկայական հրդեհը տակաւին մինչեւ երէկ գիշեր ամբողջովին մարած չէր: Իսկ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, հրդեհ մը վերաբռնկեցաւ մօտակայ Ժուրէթ Պալլութ շրջանի անտառներուն մէջ եւ արագօրէն տարածուեցաւ քամիին պատճառով: Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութենէն բազմաթիւ խումբեր ժամեր շարունակ աշխատանք տարին հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը՝ բանակէն ուղղաթիռներու օգնութեամբ, որոնք միջամտեցին, նկատի առնելով հրդեհային գօտիի աշխարհագրական դժուարութիւնները: Մինչ յետմիջօրէին կը թուէր, թէ հրշէջները հակակշիռի տակ առած են կացութիւնը, երեկոյեան ժամերուն վերսկսան ուղղաթիռներու թռիչքները: Մեթնի երեսփոխաններէն Իպրահիմ Քանաան չբացառեց դիտումնաւոր հրահրումի հաւանականութիւնը եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց բոլոր միջոցներով աշխատանք տանիլ՝ բացայայտելու հրդեհին դրդապատճառներն ու ձերբակալելու յանցագործները:

Այլ գիծի վրայ, երէկ առաւօտեան հրդեհ մը բռնկեցաւ Ժըսր Պաշա շրջանի «Ուարաք էլ-Շամ» տպարանին մէջ, ուր իսկոյն փութացին քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայողները եւ աշխատանք տարին նախ հակակշիռի տակ առնելու առաջին յարկը, ուր հրդեհին պատճառով պայթած էին վառելանիւթի պահեստներ: Հրշէջները ապա անցան կառոյցի մնացեալ չորս յարկերուն՝ տարհանելէ ետք պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները: Այսուհանդերձ, փրկարարները գործարանին մէջ յայտնաբերեցին հրդեհէն բարձրացած ծուխին պատճառով շնչահեղձ եղած հինգ պաշտօնեայի մարմինները, մինչ մարդ մը կրեց այրուածքային վնասուածք եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԷՅՐՈՒԹ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԵԾ ԵՕԹՆԵԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՈՍԿԻԻ ՄՐՑԱՆՇԱՅԻՆ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐ

Next Post

ՈՍԿԻԻ ՄՐՑԱՆՇԱՅԻՆ ՍԱԿԱԳԻՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.