Դիւանագիտական եւ քաղաքական ոլորտին մէջ, Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անապելա Պերպոք Պէյրութէն յայտնեց, որ «Իսրայէլ յաջողած է մեծապէս թուլացնել Հըզպալլան, իսկ այժմ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ դիւանագիտական գործուն լուծումի ուղղութեամբ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն յայտնեց, որ իրենք աշխատանք կը տանին Լիբանանի եւ Կազայի մէջ մնայուն զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ: Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ տեսակցելէ ետք, Պլինքըն ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր տարածաշրջանի զարգացումները արծարծեց գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ Պըն Սալմանի հետ: «Կարեւոր է, որ Իսրայէլ Իրանի հրթիռային յարձակումին հակադարձէ տարածաշրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն չյառաջացնող միջոցներով», ըսաւ նախարարը: Իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար ԵոաւԿալանթ օդային խարիսխ մը այցելած ատեն զինուորներուն ըսաւ. «Երբ յարձակում գործենք Իրանի վրայ, բոլորը պիտի ըմբռնեն ձեր ստացած մարզումներուն կարեւորութիւնը»:
«Պրիքս» կազմակերպութեան ղեկավարներուն Ռուսիոյ մէջ գումարած գագաթաժողովը արծարծեց միջինարեւելեան զարգացումները եւս ու անոնց անդրադարձրաւ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ, ուր կոչ ուղղուեցաւ անյապաղ վերջ տալու Կազայի պատերազմին եւ յարգելու Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը: Չինաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց զինադադարի եւ բողոքեց, որ աշխարհին տիրապետած միաբեւեռ քաղաքական դրութեան հետեւանքներէն է Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութիւնը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ակնկալեց Իրանի հետ շուտով կնքել համագործակցութեան ընդարձակ համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ զանազան ոլորտներ: «Պրիքս» կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն Ռուսիոյ մէջ գումարած գագաթաժողովին ընթացքին Փութին շեշտեց, որ Իրան այժմ դարձած է միջազգային այս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամներէն մէկը: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ահազանցեց, թէ Պաղեստինի եւ Լիբանանի վտանգաւոր դրութեան շարունակութիւնը աշխարհը պիտի մղէ յաւելեալ պատերազմներու եւ ապակայունութեան երկարատեւ ժամանակաշրջանի: Անոր խօսքով, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ գործուած ոճիրները Թեհրանին այլընտրանք չեն ձգած բացի որպէս հակադարձութիւն Իսրայէլը հարուածելէ: Իսկ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէի շեշտեց, որ «Դիմադրութեան դիմակայումի ոգին պիտի արդիւնաւորուի տարածաշրջանի պատմութեան եւ ճակատագրի արմատական փոփոխութիւններով»: Իրանի հիւլէական գործակալութիւնն ալ զգուշացուց, թէ հիւլէական որեւէ կառոյցի իսրայէլեան թիրախաւորում պիտի առաջնորդէ կործանարար հակադարձութեան: