Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ՍԱՖԻՏՏԻՆԸ

October 24, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ՍԱՖԻՏՏԻՆԸ

 

Հըզպալլա երէկ պաշտօնապէս գուժեց կուսակցութեան Քաղաքական խորհուրդի նախագահ եւ սեյիտ Հասան Նասրալլայի զարմիկ՝ սեյիտ Հաշէմ Սաֆիտտինի մահը, որ պատահեցաւ իսրայէլեան ծանր ռմբակոծումի հետեւանքով: Հըզպալլայի հրապարակած գոյժին մէջ նշուեցաւ, որ Սաֆիտտին իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր Դիմադրութեան շարժումին եւ ծառայած կուսակցական զանազան մարմիններու մէջ, միշտ կանգնելով մարտիկներուն կողքին եւ աջակցելով նահատակներու ընտանիքներուն: «Մեր մեծ նահատակին ու անոր ընկերակիցներուն կը խոստանանք շարունակել դիմադրութեան եւ ժիհատի ուղին՝ մինչեւ ազատութեան եւ յաղթանակի նպատակներու իրականացում», յայտարարեց Հըզպալլա: Այս պաշտօնական գոյժէն քանի մը ժամ առաջ իսրայէլեան կողմը վերստին յայտարարած էր Սաֆիտտինը  եւ անոր հետ Հըզպալլայի հետախուզական թեւի կեդրոնին մէջ գտնուող աւելի քան 25 մարդ ահաբեկելու մասին: Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը նշեալ կեդրոնը հարուածած էր 4 Հոկտեմբերին եւ յայտարարած, թէ յարձակումին գլխաւոր թիրախը Հաշէմ Սաֆիտտինն է, որ օրին կը համարուէր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն, սակայն Հըզպալլայէն պատասխանատուներ գրեթէ երեք շաբաթ ոչ հաստատեցին, ոչ ժխտեցին Սաֆիտտինի ահաբեկումին լուրը, շեշտելով որ օդային հարուածներու շարունակութեան պատճառով կարելի չէր հասնիլ ռմբակոծուած կեդրոնի անոր գտնուած վայրը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻ ԱԼԻՔԸ ՀԱՍԱՒ ՍՈՒՐ

Next Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.