Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻ ԱԼԻՔԸ ՀԱՍԱՒ ՍՈՒՐ

October 24, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻ ԱԼԻՔԸ ՀԱՍԱՒ ՍՈՒՐ

 

 

Իսրայէլեան ռազմական կործանարար մեքենան երէկ իր կիզակէտը համարած էր հարաւային ծովեզերեայ Սուր քաղաքը, որ ցարդ պատերազմի սկիզբէն ի վեր խուսափած էր համատարած աւերէ: Քաղաքի բնակչութեան ուղղուած սպառնալիքներէն եւ հեռանալու կոչերէն կարճ ժամանակ ետք, իսրայէլեան օդուժը ծանր հարուածներ տուաւ քաղաքին, կեդրոնանալով զբօսաշրջային հանրածանօթ ծովեզերքին մերձակայ շրջաններու վրայ՝ Հըզպալլային պատկանող դիրքեր կործանելու պատրուակով: Ըստ իսրայէլեան բանակին, անցնող երկու օրերուն սպաննուած է Հըզպալլայի աւելի քան 70 անդամ՝ ներառեալ պատասխանատուներ, հարաւային Ռըպշիթ, Ժուայա եւ Քանա գիւղերուն մէջ: Լիբանանեան կարմիր խաչը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ իր աշխատակիցներէն մէկը վիրաւորուած է Սուր գաւառի Ում Թութէ գիւղին մէջ իսրայէլեան հրաձգութեան պատճառով, մինչ աշխատանք կը տարուէր օգնելու նոյն գիւղի ռմբակոծումէն վիրաւորուած մարդոց: Ըստ հաղորդագրութեան, Կարմիր խաչի աշխատակիցը փշրուած ապակիի պատճառով կրած է թեթեւ վնասուածք եւ նախնական բուժումի համար փոխադրուած Ժապալ Ամէլ հիւանդանոց:

Հարաւի արեւելեան հատուածին մէջ, սահմանը ներթափանցած իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ պայթեցնել սահմանամերձ Պլիտա եւ Այթա Շաապ գիւղերուն մէջ, նոյնը Մհայպիպի եւ Մարքապայի մէջ կատարելէ ետք:

Լիբանանի ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ տեղացի լրագրողներու պատուիրակութիւն մը շրջագայած է Ղոպէյրիի վաճառականական կեդրոնին մէջ եւ բացայայտած, թէ անոր ստորգետնեայ տարածքը կը բաղկանայ միայն մէկ յարկէ՝ յատկացուած ինքնաշարժներու կառատան, մինչ իսրայէլեան բանակի բանբերը կը պնդէր, որ նշեալ կառոյցին ստորգետնեայ երկրորդ յարկը կը ծառայէ որպէս Հըզպալլայի պահեստանոց: Նախապէս, լրագրողներու շրջագայութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ մօտակայ Սահէլ հիւանդանոցին մէջ՝ ապացուցելու, թէ հակառակ իսրայէլեան պնդումներուն, այնտեղ եւս չկայ Հըզպալլայի ներկայութիւն կամ դրամական գումարներու պահեստանոց: Այս ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին հաւաստիացուց, թէ որեւէ ապացոյց չկայ Սահէլ հիւանդանոցին տակ Հըզպալլայի գետնափոր ուղիներու առկայութեան մասին: Նշենք, որ իսրայէլեան հարուածներէն երէկ վնասուեցաւ հարաւային արուարձաններու Պահման հիւանդանոցը:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, թէ հրթիռային եւ հրետանային միջոցներով հարուածած է հարաւի սահմանային գօտիին վրայ իսրայէլեան զինուորական կուտակումներ, պատճառելով ծանր վնասներ: Հըզպալլայի հրթիռարձակումներուն հետեւանքով հրդեհ բռնկեցաւ սահմանամերձ բնակավայրերուն, Աքքայի տպարաններէն մէկուն, ինչպէս նաեւ Հայֆայի հիւսիսային հատուածի ռազմական արդիւնաբերութեան զօրամասին մէջ, մինչ քաղաքի համալսարանին վերամուտը յետաձգուեցաւ՝ ի տես շրջանին մէջ տիրող ապահովական ծանր դրութեան: Լիբանանէն արձակուած հրթիռներ ինկան նաեւ Թել Աւիւի հիւսիսային արուարձանին մէջ գտնուող Կալիլոթ հետախուզական խարիսխին վրայ, որուն պատճառով առկախուեցաւ «Պեն Կորիոն» օդակայանին աշխատանքը:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ՍԱՖԻՏՏԻՆԸ

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ՍԱՖԻՏՏԻՆԸ

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ԳՈՒԺԷ ՍԱՖԻՏՏԻՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.