1) Հ.Մ.Մ. ԱՆԴՐ-ՆԱՀԱՐ
Հ.Մ.Մ. Անդր–Նահարը, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, եղած է Հ.Մ.Մ-ի ֆութպոլի Ա․ խումբին մարզիկ հասցնող, կազմը լաւագոյն տարրերով օժտող–մատակարարող շրջան։
Շնորհալի մարզիկներու հոյլէն նշենք մէկ քանին՝ Գէորգ Ճանճանեան, Կարպիս Պէրպէրեան, Մանուկ Գրիգորեան, Արշակ Հաճընլեան, Ստեփան Տէօվլէթեան, Յարութիւն Տիգրանեան, Կիւլապի Ճանճանեան, Խաչատուր (Էլիաս) Գոճապապեան, Սամիկ Պէնլեան, Անդրանիկ Փարթամեան և Սահակ Պէրպէրեան, որոնց շարքը պիտի շա՜տ երկարէր հետագային։
2) Հ.Մ.Մ. ՄԱՍԻՍ
Հ․Մ․Մ․ Անդր–Նահարը 1955 թուականին կը ստանայ պետական արտօնութիւն որպէս ինքնուրոյն միութիւն։ Կը վերանուանուի Հ․Մ․Մ․ «Մասիս»։ Միութեան ատենապետութիւնը ձեռնհասօրէն վարած են ընկերներ՝ Յարութիւն Սէմէրճեան, Կարպիս Պէրպէրեան, Ֆիլիփ Յակոբեան, Վարդիվառ Մարկոսեան, Յովհաննէս Ուղուրլեան, Մելքոն Սէֆէրեան եւ Սարգիս Սարգիսեան:
3) Հ.Մ.Մ. ՃԻՒՆԻ
Հիմնադիր երախտաւորներէն յատուկ յիշենք ընկերներ՝ Սահակ Մահլէպճեանը, Մկրտիչ Քահվէճեանը, Դանիէլ Նշանեանը, Ղազարոս Չաւտարեանը, Աբրահամ Գէորգեանը, Մասիս Մխճեանը, Կարապետ Դանիէլեանը եւ Յակոբ Օղլուգեանը։
Այս վերջին երկու ընկերները, տեղափոխուելով Պէյրութ, երկար տարիներ ծառայեցին մայրաքաղաքի Հ․Մ․Մ․-ին, որպէս կարող ու վաստակաւոր ղեկավարներ։
Ճիւնիի Հ.Մ.Մ.-ի հիմնադիր` այդ երախտաւոր ընկերներու աշխատանքին հետագային եկան միանալու երկու գործունեայ երիտասարդներ, առաջինը՝ Իսկէնտէրունէն գաղթելով Ճիւնի բնակութիւն հաստատած, 1938 թուականէն սկսեալ շրջանի «Ֆրէր»ներու գոլէճի ուսանող ընկ. Գրիգոր Խաչերեանն էր։ Իսկ երկրորդը՝ Ճիւնիի հարազատ զաւակ՝ ընկ․ Գրիգոր Մահլէպճեան, որպէս տեղւոյն Ազգ․ Վարժարանի աւագ ուսուցիչ եւ հաւատաւոր միութենական, երկար տարիներ գործեց եւ եղաւ անշահախնդիր, օրինակելի պատասխանատու մը այս գաղութէն ներս։
4) Հ.Մ.Մ. ԹՐԻՓՈԼԻ
Լիբանանի երկրորդ մեծ քաղաքը, Պէյրութէն ետք Թրիփոլին է։ Տեղացիները կը սիրեն շրջանը կոչել «Հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք…»:
Ինչպէս ժամանակին լենինականցիները (այսօրուան կիւմրեցիները կը յոխորտային կրկնելով թէ՝ «Եթէ Երեւանը մայրաքաղաք է, Լենինականն ալ հայրաքաղաք է», ձգտելով հաւասարութիւն պահելու Երեւանի հետ…։
Զարմանալիօրէն` կարծէք նոյն հոգեբանութեամբ ալ թրիփոլիցիները կը գանգատին եւ միշտ ջանացեր են, որ գէ՛թ հաւասարութիւն պահեն Պէյրութի հետ, վայելելով պետական եւ այլ կարգի առանձնաշնորհումներ։
5) Հ.Մ.Մ. ԶԱՀԼԷ
Երբ Եղեռնէն մազապուրծ գաղթականներու առաջին շարանները եկան հաստատուելու Լիբանան, սիրեցին ու նախընտրեցին ասպնջական այս երկրին Պեքաայի հովիտը եւ հաստատուեցան նաեւ հոն, գոյացնելով հոծ – ատեն մը – գաղութներ` Զահլէի, Ռայաքի, Պաալպէքի, Շթորայի եւ աւելի ուշ՝ Այնճարի մէջ։
1940–ական թուականներուն՝ Պեքաան եւ մերձակայ գիւղերը պէյրութաբնակ հայերու կողմէ նախընտրուած ամառանոցներ եղած են։ Շրջանի կլիմային կազդուրիչ, իսկ ապրուստի պայմաններուն համեմատաբար նպաստաւոր ըլլալուն պատճառաւ:
Ու նաեւ, այս բոլորին կողքին, կար աւելի սրտամօտը՝ հայրենի կորսուած մշտայուշ ծննդավայրի կարօտը որ, դեռ այդ օրերուն, տիրական էր վերապրող սերունդին հոգեբանութեան մէջ։ Օրինակ՝ Զահլէն նախընտրուած է հաճընցիներու եւ զէյթունցիներու կողմէ։ Ինչո՞ւ… քանի որ կիլիկեցի մեր հայրենակիցները իրենց բնօրրանին կլիմային ու բնութեան շատ մօտ գտած են Զահլէն, որ երկար ձորի մը երկու լանջերուն վրայ հասակ նետած է, դէպի լեռներուն գագաթները մագլցելով։ Հաճընցի շատ ընտանիքներ՝ Յովակիմեան, Ճէրէճեան, Մազլումեան եւ ուրիշներ… հաստատուած են Զահլէ։ Նոյնիսկ հեռաւոր Հալէպէն շատ հաճընցիներ, ինչպէս՝ Սինանեանները, նախընտրած են ամէն ամառ օդափոխութեան գալ Զահլէ։
Արդարեւ, հետեւելով Պէյրութին եւ այլ շրջաններու օրինակին, նաեւ Զահլէի մէջ, տեսլապաշտ ու գաղափարական հայորդիներ՝ նախաձեռնութեամբ ընկ. Արսէն Ճէրէճեանի, այնտեղ հիմնած են Հայ Մարմնամարզական Միութիւն [Հ.Մ.Մ.]։ Այդ հիմնադիրները կամ ասոնց գործի անմիջական շարունակողներէն եղած են՝ ընկերներ Միսաք Կարապետեան, Տիգրան Նալպանտեան, Եղիա Պոյաճեան, տոքթ. Մազլումեան, Մուշեղ Հինայէկեան, Մուրատ Ճէպեան, Վարուժան Գամտէրեան, Պօղոս Չինչինեան, Եղիշէ Քէօշկէրեան։ Հոս եւս, ինչպէս այլուր, նախընտրուած մարզաձեւը ֆութպոլն էր։ Հ․Մ․Մ․-ի գոյները կրող շապիկաւորները կ’ունենային մրցումներ ոչ միայն Զահլէի խումբերուն, այլեւ՝ Ռայաքի զօրակայաններու ֆրանսացի ու անգլիացի զինուորական կազմերուն հետ:
5) Հ.Մ.Մ. ՊԱԱԼՊԷՔ
Այս օրերուն շատ հաւանաբար զարմանալի ու անհաւատալի թուի եթէ ըսենք, թէ Զահլէի հարեւան Պաալպէքի մէջ, մինչեւ 1940–ական թուականները, ունեցած ենք փոքրաթիւ գաղութ մըն ալ։
Աւելի զարմանք պիտի պատճառեմ ընթերցողիս եթէ աւելցնեմ, որ պատմական այս հնամենի քաղաքը ունեցած է իր Հ.Մ.Մ.-ը, որ, ֆութպոլի խումբէ բացի, ունեցած է սկաուտութիւն։
Եթէ մտաբերենք Մեծ Եղեռնի վաղորդայնի տարիները, երբ տարագիր մեր ժողովուրդին վերապրած խլեակները սփռուեցան արաբական շատ երկիրներ, թուրքին եաթաղանէն հալածական, բնական պիտի սեպենք հայկական սակաւաթիւ գաղութի մը կազմութիւնը նաեւ Պաալպէքի, Զահլէի եւ Ռայաքի մէջ ու ասոնց մօտերը, Հոմսը, Հալէպը, Լաթաքիան ու Դամասկոսը դեռ չհաշուելով անշուշտ:
Յաւելեալ պատճառ մըն ալ կայ, որով կը բացատրուի Պաալպէք–Ռայաքի մէջ հայկական մանր գաղութներու կազմութիւնը։ Բ․ Աշխարհամարտի նախօրէին, Ռայաքի մէջ կառուցուած էր զինուորական օդակայան մը, ուր կ՚աշխատէին, տեղացիներու հետ, շատ հայեր։
6) Հ.Մ.Մ. Հ Ա Մ Մ Ա Ն Ա
Լիբանանի այս ջրառատ, առողջարար ու չքնաղ հովոցներէն՝ բարձր լեռան մը լանջին թիկնած, իր գեղեցիկ համայնապատկերով ծանօթ Համմանա գիւղի բնութեան բարիքները վայելող տեղացիներուն բաժնեկից ու հարեւան եղած են նաեւ հայերը։
Դժուար է ըսել, թէ ինչ նկատումով կամ շարժառիթէ մղուած, հայեր եկած բնակութիւն հաստատած են այստեղ ու կազմած են հայկական մանր, բայց գողտրիկ գաղութ մը որ, զարմանալի թուելով հանդերձ, բնաւ տարօրինակ չէ որ ունեցած է, ազգային դպրոցէ մը բացի, մարզական միակ միութիւն մը՝ Հ․Մ․Մ․, որ կը կոչուէր Հ.Մ.Մ. «Տալուորիկ»։
Դամասկոսի Հ․Մ․Մ․ «Տալուորիկ»-ի անդամ, միութենական գործունէութեան մէջ թրծուած եւ համանուն ֆութպոլի խումբի լաւագոյն խաղացողներէն ընկ. Նուպար Գանձապետեանը, աւելի շատ գործի բերումով, Դամասկոսէն տեղափոխուելով եկած բնակութիւն հաստատած է յիշեալ գիւղը։ Հ․Մ․Մ․-եան հարազատ ու վեհ ոգիով դաստիարակուած, Միութեան առաքելութեան հաւատացող այս ընկերը ի՛նք կ՚ըլլայ ծրագրողն ու նախաձեռնողը Հ.Մ.Մ. «Տալուորիկ» մասնաճիւղի կազմութեան Համմանայի մէջ։ Ի՛նք կ՚ըլլայ նաեւ խմբապետը տեղւոյն նորակազմ սկաուտական խումբին։