Ներկայ սերունդին համար շատ հաւանաբար Սարգիս Տեմիրճեանի անունը գրեթէ անծանօթ է: Ան շուրջ 21 տարի ՖԻՖԱ-ի տոմարներուն վրայ ամէնէն շատ մրցումներ սուլած իրաւարարն է, Լիբանանի եւ համայն հայութեան պատիւ բերած եւ իր արդար սուլիչին պատճառով միշտ ալ փնտռուած եղած է բոլորին կողմէ: Ոեւէ իրաւարար դժուար թէ կարենայ Սարգիս Տեմիրճեանի հաստատած մրցանիշը բարելաւել: Այս իրագործումը կատարած ըլլալով ան իրաւունք ստացած է միջազգային մրցանիշերու «Կինես» գիրքին մէջ մտնելու:
Այս թիւով պիտի ներկայացնենք միջազգային իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանի «Յուշերս» գիրքէն յուշ մը Հ.Մ.Մ.-ի անզուգական յառաջապահ Մարտիկ Չափարեանի մասին: Առիթները պիտի չպակսին Սարգիս Տեմիրճեանի մասին ծաւալուն անդրադարձներ կատարելու:
«Ա.»
Մարտիկ Չափարեան եղած է Հ․Մ․Մ․-ի եւ Լիբանանի ազգային խումբի թիւ մէկ յառաջապահը։ Ինչպէս որ յուշերուս առաջին տողերուն մէջ յիշեցի, Մարտիկին ծանօթացած եմ 1956–ին, իր փառքի առաջին տարիներուն…։
Սքանչելի տրիպլէօր ու թեքնիսիէն, խելացի ու խորամանկ Մարտիկին ոտքի ու գլխու հարուածները զօրաւոր ու ճշգրիտ էին։ Ան հակառակորդի մեծ քառակուսիին մօտ միշտ կոլ փնտռող անզուգական յառաջապահն էր։ Հունգարացի աննման Ֆերենց Բուշքաշ, 1956–ին, Պէյրութի մէջ կատարած իր մրցումէն յետոյ, Մարտիկը կոչած էր «ֆութպոլի գող», իսկ ես՝ զինք կոչած եմ «ֆինիսէօր»՝ լրացնող, որովհետեւ տասնեակ մը մրցումներ վերջ գտած են Մարտիկին նշանակած յաղթական կոլերով։
Հանդիսականի եւ իրաւարարի հանգամանքով ներկայ գտնուած եմ իր բազմաթիւ մրցումներուն եւ արդարօրէն պէտք է խոստովանիմ, թէ Մարտիկ ունէր գլխաւոր մէկ թերութիւն, որուն համար միշտ յանդիմանած եմ զինք. այդ ալ կարծր խաղարկութեան պատճառաւ գործած անտեղի ֆաուլներն են մրցակից խաղցողներու եւ բերդապահներու դէմ։ Եթէ այս թերութիւնը չունենար, Մարտիկ շատ աւելի պիտի սիրուէր ու յարգուէր հազարաւոր մարզասէրներուն կողմէ, որոնք դաշտ կու գային միայն իր սխրագործութիւնները դիտելու…։
Հ.Մ.Մ.-ի խումբը յաղթանակներու եւ ախոյեանութիւններու առաջնորդող Մարտիկը տարիներ շարունակ կրած է իր սիրելի խումբին կարմիր շապիկը։ Միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանի ազգային խումբին շապիկը հագած է բազմաթիւ անգամներ։
Աւաղ որ Մարտիկ երիտասարդ տարիքին լքեց իր պաշտած կանաչ դաշտը։ Եթէ ան իր ֆիզիքականին ուշադրութիւն ընէր… առնուազն 5 տարի եւս կրնար ֆութպոլ խաղալ։ Ամէն պարագայի, Մարտիկ Չափարեան Լիբանանի լաւագոյն ու անմոռանալի յառաջապահը եղած է։