Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Քազանի մէջ 22-24 Հոկտեմբերին կայանալիք ՊՐԻՔՍ-ի 16-րդ վեհաժողովին։ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հանդիպում պիտի ունենայ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին մասնակից բոլոր պետութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այս ժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը: