Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

October 23, 2024
in Միջազգային
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

 

Կազայի մէջ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր շարունակուող պատերազմին մասնակցող հազարաւոր իսրայէլացի զինուորներ կը տառապին ծանր հոգեբանական խանգարումներէ, անոնցմէ ոմանք յանգելով անձնասպանութեան։ Իսրայէլի բանակի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ հոգ կը տանի հազարաւոր զինուորներու առողջութեան, որոնք կը տառապին ճնշուածութենէ կամ հոգեկան հիւանդութենէ, պատերազմի ժամանակ իրենց ստացած վէրքերէն: Բանակը պաշտօնական թիւ չէ յայտարարած, թէ քանի զինուոր անձնասպան եղած է:

«Սի.Էն.Էն.» հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը հաստատէ Կազայի կռիւներէն վերադարձած զինուորներու մօտ հոգեբանական ազդեցութիւնը եւ անձնասպանութեան դէպքերու տարածումը: Զինուորները կը պատմեն, որ ականատես եղած են այնպիսի տեսարաններու, որ արտաքին աշխարհը չի կրնար լրիւ հասկնալ: Անոնք խօսեցան նաեւ պատերազմի դաժանութեան մասին եւ շեշտեցին որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն քննադատողները կ’ըսեն, որ ան կը ցանկայ «անվերջ» պատերազմ, եւ անոր անուղղակի գինը կը վճարեն մասնակից զինուորները:

Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը կը նկատուի ամէնէն երկարատեւ պատերազմը, որ Իսրայէլ վարած է իր հիմնադրութենէն ի վեր: Իսրայէլեան բանակի բժիշկը, Կազայի մէջ չորս ամիս ծառայելէ ետք, առանց իր անունը նշելուտ ըսաւ, որ իրենցմէ շատեր կը վախնան կրկին զօրակոչուիլ Լիբանանի մէջ պատերազմի մասնակցելու համար: Իրենցմէ շատեր վստահութիւն չունին ներկայ կառավարութեան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄՏԱՀՈԳ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊՐԻՔՍ-Ի ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊՐԻՔՍ-Ի ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.