Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄՏԱՀՈԳ

October 23, 2024
in Միջազգային
0

 

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիու նկատեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի ձեռքբերումը անհրաժեշտութիւն է բոլորին հաւաքական անվտանգութեան համար՝ զգուշացնելով այս երկրի փլուզման եւ այնտեղ բռնկուելիք մօտակայ քաղաքացիական պատերազմի վտանգի մասին։

«Էլ.Սի.Էյ.» պատկերասփիւռի կայանին տուած յայտարարութեան մէջ ֆրանսացի նախարարը բացատրեց, որ ներկայիս իրենց դիրքորոշումը հիմնուած է յատկապէս Լիբանանի մէջ մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի բռնկման վախի վրայ: Ան յայտնեց իր նախազգուշացումը՝ նկատի ունենալով տեղահանուած համայնքները եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, Հըզպալլայի տկարացումը, ինչ որ լաւ նորութիւն է: Ան աւելցուց, որ իրենք արդէն կը տեսնեն, որ Լիբանանը կրնայ որոշ ժամանակ անց փլուզուիլ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն վերաբերեալ Լըքորնիու իր ափսոսանքը յայտնեց, որ Իսրայէլի բանակը միշտ չէ, որ անհրաժեշտ անվտանգութեան միջոցներ կը ձեռնարկէ իր յարձակումներուն համար։ Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա կ’օգտագործէ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ստորաբաժանումները իբրեւ ծածկոյթ իր յարձակումներուն ընթացքին, սակայն յիշեցուց, որ այդ ուժերու դիրքերը ուղղակիօրէն թիրախաւորուեցան անցեալ շաբաթ իսրայէլեան բանակին կողմէ։

Նախարարը ընդգծեց, որ որոշակի թիւով «ահաբեկիչներու» չէզոքացման միջոցով մարտավարական յաղթանակներու յաջորդականութիւնը, որուն համար իրենք չեն զղջար, Իսրայէլի անվտանգութեան յստակ ու անվտանգ հեռանկարներ չեն ապահովեր միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով։

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՐԱՔՃԻ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ»  

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.