Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՔՃԻ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ»  

October 23, 2024
in Միջազգային
0
ԱՐԱՔՃԻ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ»  

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքճի նշեց, որ յարձակման շարունակութիւնը նպատակ ունի մնացեալ տարածքները վերածել երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ Կազայի: Ան բացատրեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է դրացի երկիրներու շարք մը ղեկավարներու հետ եւ բոլորը համաձայնած են պատերազմէն խուսափելու անհրաժեշտութեան մասին։

Ան ընդգծեց, որ եթէ թշնամի Իսրայէլը շարունակէ իր յարձակումները, իրենք պիտի պատասխանեն անոնց: Իրան պատերազմ չի փափաքիր տարածաշրջանին մէջ, սակայն պատրաստ է պատերազմի։ Ան նշեց, որ իրենք ամէն ինչ ըրին լարուածութեան մագլցումը նուազեցնելու համար, սակայն պատրաստ են բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կրնան դիմակայել զանոնք։ Ան նկատեց, որ պատերազմը տարածաշրջանին մէջ համապարփակ պատերազմի վերածուելու սեմին կը կանգնի, նշելով որ իրավիճակը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ աղէտալի է եւ այս յարձակումներուն վերջ պէտք է տրուի։ Ան ընդգծեց, որ Իրանի նոր կառավարութիւնը բարիդրացիութեան քաղաքականութեամբ պիտի գործէ։

Արաքճի աւելցուց, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան բոլոր շարժումներուն, միաժամանակ նշեց, որ իրենց բոլոր գործընկերները վստահեցուցած են, որ պիտի չօգտագործեն իրենց հողերն ու օդային տարածքը Իրանի վրայ յարձակելու համար:

Ան յայտնեց, որ իրենց դէմ կիրարկուող պատժամիջոցները արգելք չեն հանդիսանար Պարսից ծոցի երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հարցով: Արաքճի ընդգծեց, որ իրենք պիտի պատասխանեն Իսրայէլի որեւէ յարձակման, մինչ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները յայտնած են իրենց մերժումը Իրանի եւ անոր հիւլէական կառոյցներու վրայ յարձակման մասին: Ան կը կարծէ, որ հիւլէական կառոյցներու վրայ ռազմական յարձակումը եւ անոր սպառնալիքը մեծ ոճիր է, որ պէտք է հետապնդուի միջազգային հարթակներու վրայ։

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԼԻՆՔԸՆ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄՏԱՀՈԳ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄՏԱՀՈԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.