Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ

October 23, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ

 

Մինչ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ’ուղղէ Պէյրութը չհրթիռակոծելու եւ Միջին Արեւելք ուղարկեց իր պատուիրակ Անթոնի Պլինքըն հրադադար հաստատելու համար, միւս կողմէ Իսրայէլ նախանցեալ գիշեր եւ երէկ անդադրում կերպով հրթիռակոծեց հարաւային Պէյրութի արուարձանները, յատկապէս Պըրժ Պարաժնէն, Ղպէյրին, Ուզահին, Լէյլէքին, Հատաս-Սենթ Թերեզ շրջանը, Ժընահը, «Սահել» հիւանդանոցը, Պէյրութի կառավարութեան հիւանդանոցի շրջակայքը: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալերուն արձանագրուեցաւ 13 զոհ (մին երեխայ) եւ 57 վիրաւոր: Իսրայէլ պնդեց, որ յարձակման թիրախը Հըզպալլային հետ կապուած կառոյցներն են: Իսրայէլի իշխանութիւնները զգուշացուցած էին լիբանանցիները հեռանալու Պէյրութի հարաւային կարգ մը արուարձաններէն, սակայն Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը նշուած վայրերուն մէջ չկար:

Երէկ ամբողջ օրը իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Սուր, Նապաթիէ, Սայտա, Հերմել քաղաքներուն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ:

Հըզպալլա երէկ հրթիռակոծեց Թել Աւիւի ծայրամասը գտնուող Նիրիթ շրջանը, նաեւ Թել Աւիւի արեւելքը գտնուող կանաչ գիծին յարող բնակավայրերը: Դիմադրութիւնը հրթիռներու խմբաքանակով թիրախաւորեց իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը հարաւային Մարքապա գիւղաքաղաքին մօտ: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի կողմէ հրթիռային հարուածներու հետեւանքով մեծ վնաս հասած է 20 տուներու եւ կառոյցներու, որոնք կը գտնուին Հայֆայէն հարաւ Քիպուց Մաաֆան Միքայէլ շրջանը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԸՆԿ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ. « ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԴԸ ԱՐԺԷՔ ՉՈՒՆԻ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ»

Next Post

ՀՐԴԵՀ ՌԱՊՈՒԷԻ ՄԷՋ

Next Post

ՀՐԴԵՀ ՌԱՊՈՒԷԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.