Հայաստանի մէջ «Անկաշկանդ զրոյց» հաղորդաշարի հիւրը եղած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը, խօսելով միջինարեւելեան դեռ շարունակուող չափազանց արիւնալի ու ողբերգական հակամարտութեան մասին:
Հ.- Լաւ գիտենք, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար մեզի համար բարեկամ եւ հրարազատ Լիբանանի մէջ: Ինչպիսի՞ն է վիճակը եւ ինչպիսի՞ զարգացումներ սպասենք հետագային:
Պ.- Տարածաշրջանին մէջ անցեալ տարուայ 7 Հոկտեմբերին սկսած այս պատերազմը իր երրորդ փուլը մտած է: 7 Հոկտեմբերին Կազայի մէջ Համաս կազմակերպութիւնը Իսրայէլի պետութեան դէմ գործողութիւն մը ըրաւ, ինչ որ իր հետեւանքները ունեցաւ: Իսրայէլ պետութիւնը նախ Կազան ամբողջութեամբ ոչնչացուց, այսօր Կազան քարուքանդ է, եւ Համասը որպէս ռազմական կառոյց, վերջերս իր գլխաւոր ղեկավարին սպանութեամբ, ես կը կարծեմ որ համարեա ոչնչացած է: Այսպիսի շարժումները ամբողջութեամբ ոչնչացնելը քիչ մը անհնար է, որովհետեւ սա գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած շարժում մըն է:
Հ.- Իսրայէլը եւ անոր ետին կանգնած արեւմտեան աշխարհը կը թուի թէ անհամեմատ աւելի հզօր են քան այդ արաբական խմբաւորումը եւ ընդհանրապէս հակաիսրայէլեան խմբաւորումները: Բայց, ինչպէս ըսիք, զայն ոչնչացնել չեն յաջողիր, թէեւ շատեր կը սպաննեն:
Պ.- Իսրայէլ կարողացաւ մեծաւ մասամբ չէզոքացնել Համասը, մինչեւ Եահիա Սընուարի սպանութիւնը քանի մը օր առաջ: Իսկ Օգոստոսի վերջաւորութեան Իսրայէլ իր ամբողջ ուժային կարողութիւնը ուղղեց դէպի երկրի հիւսիս՝ այսինքն Լիբանանի հարաւային շրջաններ: Մինչ այդ իսրայէլա-լիբանանեան սահմանին վրայ գործողութիւնները համաչափ էին. Իսրայէլ կը ռմբակոծէր, Լիբանանէն Հըզպալլան պատասխան հարուածներ կու տար, եւ Հըզպալլան յայտարարած էր, որ Լիբանանի ճակատը պիտի մնայ աջակից Կազային: Սակայն Սեպտեմբերին տեղի ունեցած զարգացումները պատերազմը մտցուցին նոր փուլ, երբ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը կրցաւ Հըզպալլայի հաղորդակցութեան սարքերուն մէջ ներթափանցել եւ ապա սպաննել Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը: Այսպիսով պատերազմը մտաւ նոր փուլ, հիմա մենք կ’ապրինք անոր երրորդ փուլը: Իսրայէլ դարձած է աւելի վայրագ, անոր ռմբակոծումները դարձած են կործանարար նպատակ հետապնդող եւ անընդհատ կը փորձէ սահմանէն ներթափանցում կատարել Լիբանան: Հակառակ անոր որ ան չի կրնար սահմանէն ներս մտնել, որովհետեւ գետնի վրայ այդ տարածաշրջանին բնակիչները, որոնք գլխաւոր դիմադրութիւնը ցուցաբերողներն են, մեծ վնաս կը հասցնեն Իսրայէլին, սակայն իր օդուժը եւ անօդաչու սարքերը ռազմի գետնի վրայ մեծ առաւելութիւն կու տանիրեն: Շատ մարդիկ կը սպասէին, որ Իրան ներքաշուի պատերազմին մէջ. Իրան երկու տարբեր ժամանակներու հարուածեց Իսրայէլը, սակայն, ըստ դէտերու եւ ըստ երեւոյթին, Իրանի մասնակցութիւնը այս պատերազմին բաւական սահմանափակ է, եւ այդ տպաւորութիւնն է, որ այսօրուան դրութեամբ Լիբանանի Հըզպալլան առանձին ձգուած է մարտի դաշտին վրայ եւ չունի տարածաշրջանային երկիրներու աջակցութիւնը: Միւս կողմէ, Իսրայէլ հարուածեց Հըզպալլան մատակարարող ճամբաները, որ գլխաւորաբար Սուրիայէն պիտի ըլլար, եւ այսօր Հըզպալլան, եւ անոր ետին Լիբանանի ժողովուրդը առանձին կը դիմադրեն իսրայէլեան կործանարար ռազմական գործողութիւնները: Իմ կարծիքովս, դեռ այս պատերազմը երկար կը տեւէ. Հըզպալլա իր զէնքերը վար պիտի չդնէ եւ պիտի շարունակէ կռուիլ մինչեւ վերջ:
Այս բոլորին կողքին նաեւ շատ հետաքրքրական է ամերիկեան դիւանագիտութեան աշխուժութիւնը. նախօրէին ամերիկեան բանագնաց Ամուս Հոքշթայնը Լիբանան կը գտնուէր՝ բանակցելու խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ: Միջազգային ընտանիքը կը ստիպէ եւ կը պարտադրէ ամբողջութեամբ գործադրել ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը, ըստ որուն, Հըզպալլայի մարտիկները պէտք է Իսրայէլի հետ սահմանէն դէպի վեր քաշուին մինչեւ Լիթանի գետ եւ սահմանին պէտք է տեղակայուին ՄԱԿ-ի խաղաղապհ զօրքը եւ լիբանանեան բանակը: 2006-ի պատերազմէն ետք այս որոշումը ամբողջութեամբ չգործադրուեցաւ, Հըզպալլան եւ լիբանանեան պետութիւնը չունէին այդ որոշումը գործադրելու ամբողջական կարողութիւնը: Այսօր հասած ենք անելանելի կէտի մը. խորհրդարանի նախագահը կը վարէ բանակցութիւնները Հըզպալլայի կողմէ, ըլլալով շիի համայնքի անդամ: Լիբանանի նախագահական աթոռը աւելի քան մէկ տարիէ թափուր է, որովհետեւ խորհրդարանական խմբաւորումները չկրցան համաձայնութեան գալ նոր նախագահ մը ընտրելու: Խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը կը յայտարարեն, որ Լիբանան պատրաստ է 1701 որոշումը գործադրելու, սակայն Իսրայէլ ներկայիս պիտի ընդունի՞ հին պայմաններով գործադրել այս որոշումը: Մէկ բան յստակ է, որ պատերազմը երկար պիտի տեւէ, որովհետեւ Իսրայէլ որոշած է իր ամբողջ կարողութիւններով ոչ թէ միայն Հըզպալլան, այլեւ Լիբանանի հարաւային շրջանները ամբողջութեամբ կործանել եւ հոնկէ տեղահանուած բնակչութեան ետդարձը դարձնել անհնարին, որովհետեւ ինք գիտէ որ այսպիսով երկրին ներսը կրնայ ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամ ստեղծել, եւ ինք գրաւադրոյք դրած է լիբանանեան ներքին խլրտում յառաջացնել պատերամէն յետոյ:
Հ.- Կը յաջողի՞ այդ ներքին խլտումը յառաջացնել: Լիբանանի մէջ կա՞ն իսրայէլամէտ ուժեր, աւելի ճիշդը՝ Հըզպալլային եւ Համաս խմբաւորումին հակադիր ուժեր: Միայն իսրայէլեա՞ն կողմին ուղղենք պատերազմին մեղադրանքի սլաքները, թէ՞ այս արիւնահեղութեան ու ողբերգութեան մեղաւորութիւնը հակառակ կողմէն ալ կայ:
Պ.- Երբ անցեալ տարի 7 Հոկտեմբերին Համասը իր այդ գործողութիւնը կատարեց, ես կը կարծեմ որ ծուղակը ինկաւ, չպատկերացուց որ Նեթանիահու ինչպէս կրնայ հակադարձել անոր: Գործողութեան շարժառիթը հետեւեալն էր. Համասի մեծ թիւով գերիներ կան իսրայէլեան բանտերուն մէջ եւ նպատակը զանոնք ազատագրելն էր: Համաս իր գործողութեան ժամանակ զինուորականներ գերեվարեց եւ քաղաքայիններ պատանդ վերցուց: Քաղաքայիններուն մէկ մասը վերադարձուեցաւ, իսկ զինուորկանները գերի պահուեցան: Ասոնց մէկ մասը Համասի մօտ գտնուած ժամանակ իսրայէլեան հարուածներէն սպաննուեցան: Նեթանիահուին համար արժէք չունին մարդկային կեանքերը, մինչեւ իսկ իր քաղաքացիները: Համասի հաշուարկները սխալ դուրս եկան եւ պատերազմի սկիզբէն կարճ ժամանակ ետք, սեյիտ Հասան Նասրալլա իր առաջին ելոյթին մէջ ըսաւ, որ իրենք տեղեակ չէին այս գործողութենէն: Այս մասշտաբի գործողութեան ժամանակ Համաս պէտք է տեղեակ պահած ըլլար գոնէ իր բոլոր դաշնակիցները եւ իր հովանաւորողը, որ Իրանն էր վերջին շրջանին, հակառակ անոր որ Համասը սիւննիական շարժում է: Դիմադրութեան առանցքը, որ կ’ընգրկէ նաեւ Հըզպալլան, Եմէնի հուսիները եւ Իրաքի իսլամական դիմադրութիւնը, ըստ երեւոյթին տեղեակ չէին Համասի ծրագիրէն: Ես կը կարծեմ, որ այդ գործողութեան որոշումը Եահիա Սընուարը առանձին կայացուց, լաւ չհաշուարկելով հետեւանքները, կարծելով որ Իսրայէլ շատ արագ պիտի զիջի եւ շատ շուտով բանակցութեան մէջ պիտի մտնէ Համասի հետ եւ Համաս իր նպատակին պիտի հասնի: Այսօր Կազայի տարածքը ամբողջութեամբ կործանուած է, հոնկէ երկու միլիոն փախստական կայ, զոհուած է սեյիտ Հասան Նասրալլան եւ իր բոլոր ղեկավար կազմը, որոնք մեծ ուժ մըն էին Դիմադրութեան առանցքին մէջ: Եահիա Սընուար, որ Համասի զինուորական թեւի պատասխանատուն էր, ինք եւս սպաննուեցաւ քանի մը օր առաջ: Սընուար Համաս շարժումի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար ընտրուեցաւ Իսմայիլ Հանիէի Իրանի մէջ սպանութենէն ետք: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, Դիմադրութեան ճակատը մեծ վնասներու մէջ է:
Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան շարժումը հետեւանք է. ըլլայ Համասը, ըլլայ Հըզպալլան հետեւանք են Իսրայէլի գաղութատիրական քաղաքականութեան: Մինչ այս շարժումներուն ծնունդը այլ դիմադրողական շարժումներ ալ կային, սակայն երբ ասոնք տկարացան, որուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը Խորհրդային Միութեան փլուզումն էր նաեւ հաւանաբար, եւ չկրցան Իսրայէլի դէմ դիմադրութիւնը կազմակերպել, իսլամական կրօնական գաղափարախօսութիւն ունեցող այս կազմակերպութիւնները եկան եւ այդ բացը լրացուցին: Շիիական շարժումը կը հովանաւորուէր Իրանի կողմէ, սիւննիական շարժումը տարբեր հովանաւոր փոխելէ յետոյ վերջ ի վերջոյ եկաւ դարձեալ մտաւ Իրանի հովանաւորութեան տակ: Սակայն նկատելի է, որ արաբական պետութիւնները միայն խօսքով կ’աջակցին, գետնի վրայ գործնական աջակցութիւն չկայ: Կռուող մարտիկները լքուած են եւ կը կռուին իրենց ունեցած ռազմական հնարաւորութիւններով, որ տեղ մը պիտի հասնի ու սպառի: Իսրայէլի թեքնիք կարողութիւնները որոշ տեղ մենք ալ թերագնահատեր ենք ըստ երեւոյթին:
Հ.- Բայց երեւի գերագնահատեր են ալ, որովհետեւ դեռ անոնք չեն կրնար Դիմադրութիւնը վերջնականապէս խեղդել:
Պ.- Ես նախապէս ալ ըսի, Հըզպալլան վերացնել հնարաւոր չէ, կրնաս անոր ռազմական թեւը տկարացնել, սակայն Հըզպալլան ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովրդային գաղափարախօսութիւն է, առաւել եւս, կրօնական արեւելում ունի: Կրօնքը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն խղճին մէջ արմատացած է, կրօնքը մեզի համար էական է եւ հոգեմտաւոր կառուցուածքին մասնիկն է: Այս պատճառով Հըզպալլան վերացնել հնարաւոր չէ: Հըզպալլան հիմնուած է նահատակութեան եւ զոհաբերութեան գաղափարախօսութեան վրայ: Մենք, ըսենք ես որպէս Ալեքսան Քէօշկէրեան համաձա՞յն եմ այդ գաղափարախօսութեան, սա ուրիշ հարց է: Ես որպէս սոցիալ-դեմոկրատ, որպէս աշխարհիկ մտածողութեան մարդ, կրնամ համաձայն չըլլալ կրօնական գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած քաղաքական շարժումներու, սակայն մենք առարկայական ձեւով կը ներկայացնենք վիճակը: Եւ հոսկէ մեկնելով կ’ըսեմ, Հըզպալլան կարելի չէ վերացնել, այն կրնայ քաղաքական կուսակցութեան վերածուիլ, կրնայ ժողովրդական շարժումի վերածուիլ: Հըզպալլան կայացած կազմակերպութիւն է որպէս կուսակցութիւն, բացի մարտական թեւէն, ունի իր երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ, նախարարներ ունի կառավարութեան մէջ եւ ծանրակշիռ դաշնակիցներ ունի Լիբանանի այլ համայնքներուն մէջ: Այսինքն Լիբանանի մէջ Հըզպալլան որպէս քաղաքական միաւոր վերացնել անհնար է:
Հ.- Իսրայէլը ըստ էութեան Հայաստանի ալ թշնամի պետութիւն է: Թէ՛ 44-օրեայ պատերազմին, թէ՛ յետոյ, Իսրայէլը ըստ էութեան հակահայաստանեան կեցուածք ունեցող պետութիւն է:
Պ.- Այս հակամարտութեան ժամանակ շատ հետաքրքրական դէպքեր պատահեցան: Մօտ ամիս կամ մէկուկէս ամիս առաջ ռուս նախարար Շոյկուն անակնկալ այցելութիւն տուաւ Թեհրան եւ վերադարձի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Պաքու: Ըստ վերլուծաբաններու, Շոյկուն գացած էր Իրանի ղեկավարութեան ուղերձ հասցնելու. նախ որ Սուրիան պիտի չկրնայ մասնակցիլ եթէ համատարած պատերազմ տեղի ունենայ, որովհետեւ, իմ կարծիքովս, Սուրիան Ռուսաստանի հովանաւորեալն է եւ հոն կայ մեծ թիւով իրանեան զինուած ուժեր, Հըզպալլայի զինեալ ուժեր կան հոն եւ իրենց զէնքի պահեստներ ունին այդտեղ, եւ Սուրիոյ վրայով է որ Հըզպալլայի մատակարարումը տեղի կ’ունենայ: Երկրորդ, իրանցիները ուղերձ ղրկած էին Ատրպէյճանին, որ վերջինիս տարածքին վրայ գտնուող իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան եւ հետախուզական կայանները թիրախ են ու վտանգի տակ են: Ես հակուած եմ հաւատալու, որ իրանցիները Շոյկուի միջոցով Պաքու լուր ղրկեցին, որ իսրայէլացիները թող չթփռտան եւ կարելի է Ատրպէյճանն ալ հարուածել: Ես միշտ կ’ըսեմ, երբ որ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ այդ տարածքները հայկական զերիշխանութեան տակ էին, Իրանի թիկունքը աւելի ամուր էր քան այսօր: Երբ որ 44-օրեայ պատերազմին իսրայէլեան անօդաչու սարքերով մեծ վնասներ հասցուցին մեզի, ես կը կարծեմ, որ այդ իսրայէլեան անօդաչու սարքերը օգտագործողներն ու անոնցմով հարուածողները շատ հաւանաբար իսրայէլացի սպաներն էին:
Հ.- Հըզպալլայի գաղափարախօսութիւնը ձախակողմեա՞ն, թէ՞ աջակողմեան է: Իսկ հայ համայնքի իրավիճակը այսօր ինչպէ՞ս է, ի՞նչ դիրքորոշում ունի լայն առումով:
Պ.- Որպէս Լիբանանի հայ համայնք մենք լիբանանցիներ ենք, մենք այդ հողին մարդիկն ենք եւ այդ երկիրը նաեւ մեր հայրենիքն է: Այս պարագային, մեր երկրի բաղկացուցիչ մասերէն մէկը, մեր համաքաղաքացիները կռիւ կը մղեն Իսրայէլի դէմ, եւ մեր դիրքորոշումը իսրայէլեան թշնամիին կողքին չէ: Մենք ոչ զէնքով, ոչ զինամթերքով կարողութիւն ունինք աջակցելու, այնուամենային այս մարդիկը մեր համաքաղաքացիներն են:
Հըզպալլան ձախակողմեան շարժում չէ, ընդհակառակը՝ ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւն է: Ձախակողմեանները այդքան հաշտ չեն ծայրայեղ կրօնական գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութիւններու հետ: Այս առումով Լիբանանի մէջ թշնամանք չկայ բացարձակապէս, որովհետեւ մինչեւ իսկ լիբանանեան ձախը, եւ աւելին՝ Լիբանանի մէջ ազգային ընկերվարական կուսակցութիւններ եւ համաարաբական գաղափարախօսութիւն ունեցող սոցիալիստական կուսակցութիւններ Հըզպալլայի համախոհներն են եւ դաշնակիցները, որովհետեւ երբ թշնամի մը կայ, երկրի բոլոր քաղաքացիները իրենց ներքին տարակարութիւնները մէկ կողմ դնելով այս ճգնաժամէն դուս գալու մասին պէտք է մտածեն: Եւ ինչքան համախմբուած ըլլայ ազգաբնակչութիւնը, այդքան աւելի դիւրին կրնանք շրջանցել ճգնաժամը, որ երկար պիտի տեւէ: Երբ որ ամէն ինչ կը վերջանայ մեր քաղաքական տարակարծութիւններով, ամէն մէկը իր հերթին, իւրովի աշխարհահայեացքով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Հ.- Միջինարեւելեան այս արիւնալի տարածաշրջանին եւ եղբայրական արաբ ժողովուրդին կը ցանկանք խաղաղութիւն:
Պ.- Շնորհակալութիւն: Յոյս ունենանք, որ այս բոլորը կը վերջանայ: Խաղաղութիւնը շատ կարեւոր է: Ժողովուրդները խաղաղութեան պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն եւ խաղաղութեան պայմաններու մէջ կը զարգանան: Հակամարտութիւնները եւ պատերազմները երբեք հասարակ ժողովուրդի շահին չեն եղած, եւ միշտ պատերազմներէն օգտուած են շրջանակներ, որոնք յաճախ երեւելի չեն եւ մեծապետական շահեր կը հետապնդեն: Այս առումով, շնորհակալութիւն ձեզի եւ յոյսով եմ, որ պատերազմը շուտով կ’աւարտի Միջին Արեւելքի մէջ եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն կը տիրէ: