Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

October 22, 2024
in Հայաստան
0
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

 

Սթամպուլի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները պայմանաւորուած են շարունակել ջանքերը խաղաղութեան պայմանագրի վերջնականացման եւ սեղմ ժամկէտերու մէջ կնքման ուղղութեամբ, ըսուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։

Պաշտօնական Երեւանը վերջին շրջանին քանիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն համաձայնեցուած յօդուածներով, Պաքուն, սակայն, դէմ արտայայտուած է։

Նախարարները Սթամպուլի մէջ մասնակցեցան «3+3» խորհրդակցական հարթակի հանդիպման։ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը այստեղ եւս ներկայացուցած էր Պաքուի պահանջը Հայաստանին Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ։

Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ առաւելապէս շեշտադրած էր տարածաշրջանի ապաշրջափակման կարեւորութիւնը՝ բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգմամբ։

«Մենք Ատրպէյճանին առաջարկել ենք մեր երկաթուղային ենթակառուցուածքը վերագործարկելու, սահմանի հատման եւ մաքսային ընթացակարգերի պարզեցման եւ երկու երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիարժէք յարգմամբ անվտանգութեան որոշ լրացուցիչ մեխանիզմներ ապահովելու եղանակներ»,- նշած էր Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հոկտեմբեր 7-8-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ոչ-պաշտօնական շփումներու ժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած էր, որ արտաքին գործերու նախարարները երկօրեայ հանդիպում ունենան, համաձայնեցնեն խաղաղութեան պայմանագրի չհամաձայնեցուած մէկ-երկու յօդուածները, ապա երկիրներու առաջնորդները նախքան Պաքուի մէջ կայանալիք COP-29-ը ստորագրեն պայմանագիրը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՅԼԵՒՍ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻ»

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.