«Հայաստանը միջազգային իրաւունքի, իր ինքնիշխանութեան եզրագծին եկել եւ կանգնել է եւ այլեւս զիջումների տեղ չունի»:
Այս մասին ըսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:
Ան այսպէս պատասխանած է լրագրողի դիտարկման առ այն, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու առումով կարծիք կը հնչէ, որ տուեալ իրավիճակէն ելքը կրնայ ըլլալ Հայաստանի կողմէ յաւելեալ զիջումները:
«Ի՞նչ զիջումների մասին է խօսքը. Հայաստանը միջազգային իրաւունքի, իր ինքնիշխանութեան եզրագծին եկել եւ կանգնել է եւ այլեւս զիջումների տեղ չունի», – նշած է Սիմոնեան եւ յաւելած, որ չի համարեր, որ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններու գործընթացը փակուղի մէջ է։
«Նաեւ պէտք է թոյլ չտանք, որ այդ գործընթացը մտնի փակուղի։ Եւ դա այն է, ինչ ուզում են այն մարդիկ, այն պետութիւնները, որոնք թշնամաբար են տրամադրուած Հայաստանի եւ մի գուցէ Ատրպէյճանի նկատմամբ»,- ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը: