Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՅՏԸՆ ՆԱՄԱԿ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԱԼԻԵՒԻՆ՝ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՈՒՄԸ

October 22, 2024
in Միջազգային
0
ՊԱՅՏԸՆ ՆԱՄԱԿ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԱԼԻԵՒԻՆ՝ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՈՒՄԸ

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ԱՄՆ նախագահի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ եւրոպական հարցերով աւագ տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրըն։ Վերջինս Ալիեւին յանձնած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի նամակը։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդմամբ՝ Պայտըն նամակին մէջ նշած է, որ գոհ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ձեռք բերուած շարունակական յառաջընթացէն խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ, որ պիտի ծառայէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

«Կ’ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ձեռքբերման, որ վերջ պիտի դնէ դարաւոր հակամարտութեան։ Ի յաւելումն Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի վերափոխէ ամբողջ տարածաշրջանը՝ հնարաւորութիւն տալով աւելի մեծ առեւտուր, ներդրումներ եւ կապ ունենալ Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ: Քանի որ COP29-ին մէջ աշխարհի ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Պաքու, դուք աննախադէպ հնարաւորութիւն ունիք համաշխարհային հանրութեան ցոյց տալու ձեր նուիրուածութիւնը խաղաղութեան: Խաղաղութեան համաձայնագրի չլուծուած կէտերը վերջնական տեսքի բերելը կը պահանջէ ստեղծագործութիւն եւ փոխզիջում երկու կողմերէն: Բայց վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն։ Կը հրաւիրեմ համաձայնագրին ստորագրումը աւարտին հասցնել այս տարի»,- կ’ըուի նամակին մէջ։

ԱՄՆ նախագահը նաեւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է։

Share62Tweet39
Previous Post

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՐՈՒԱԾ

Next Post

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՅԼԵՒՍ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻ»

Next Post

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՅԼԵՒՍ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.