Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

October 22, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

 

Լիբանանեան բանակը հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորներ Թարէք Աքըլ Սոպհի, Ահմատ Հայտար եւ Ժաաֆար Ժաաֆար նախանցեալ օր զոհուած են հարաւային Այն Ըպլ գիւղին մէջ զինուորական մեքենայի մը թիրախաւորումին պատճառով:

Իսկ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ անցնող 24 ժամերուն իսրայէլեան հարուածներէն զոհուած է շտապ օգնութեան խմբակներու չորս ծառայող, իսկ հինգ ուրիշներ վիրաւորուած են եւ նիւթական ծանր վնասներ կրած են անոնց ինքնաշարժները: Իսկ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում յայտնեց, որ երրորդ դեղագործ մը զոհուած է լիբանանցիները իսրայէլեան ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու նպատակով:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ գործեց Լիբանանի հարաւային եւ արեւելեան շրջաններուն վրայ: Պեքաայի մէջ, անօդաչու սարքով թիրախաւորուեցաւ Հարէթ Ֆաքհանի գիւղը, իսկ Պաալպաքի Հայ Ինհամ թաղամասին մէջ մահացաւ վեց հոգի եւ վիրաւորուեցան ութ անձեր՝ բնակարանի մը կործանումին հետեւանքով:

Հարաւային Խարայէպ գիւղի ռմբակոծումը պատճառեց չորս զոհ եւ եօթը վիրաւոր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ օրը սկսած էր շատ կանուխ՝ արեւածագին ռմբակոծելով Հըզպալլայի դրամատունը համարուող «Էլ-Քարտ էլ-Հասան» հաստատութեան մասնաճիւղերը, լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ:

Հըզպալլա յայտարարեց, թէ հակաօդային հրթիռ արձակած է իսրայէլեան ռազմական օդանաւի մը վրայ եւ զայն հեռացուցած է լիբանանեան օդային տարածքէն: Հըզպալլա նախապէս յայտարարած էր «Հերմեզ 900» տիպի անօդաչու արդիական սարք մը վար առնելու մասին:

Իսրայէլեան բանակին ձայնասփոիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ ընթացող գործողութիւնները պիտի ամբողջանան քանի մը շաբաթ ետք ու սահմանային բնակավայրերէն տեղահանուած իսրայէլացիները պիտի կարենան վերադառնալ տուն:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ Հըզպալլա հինգ հրթիռ արձակած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին ուղութեամբ, հետեւաբար որոշում կայացուած է ժամանակաւորապէս առկախել նշեալ ենթակառոյցին գործունէութիւնը, մինչեւ հաւանական վտանգներու փարատումը: Իսկ Հայֆայի նաւահանգիստին մէջ աշխատող պաշտօնեաներ ստացան նաւահանգիստը թիրախաւորելու մասին ահազանգող նամակներ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՐԴՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ԹՈՂ ԻՐԱՆ ԹԵԹԵՒՑՆԷ ԿԻՐՔԸ»

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ԹՈՂ ԻՐԱՆ ԹԵԹԵՒՑՆԷ ԿԻՐՔԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.