Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՐԴՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

October 22, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՐԴՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

 

 

Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու տեղահանութիւնն ու լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ ժամանակաւոր տեղաւորումը շատ կանուխ սկսաւ բացայայտել իր ժխտական հետեւանքները, ի մտի ունենալով նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ յարանուանական եւ ընկերային գունաւորումով սեպ խրելու իսրայէլեան փորձերը, բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահիի դրդումը ու ռազմական գօտիէն հեռու, «ապահով» գաւառներուն մէջ մարդոց ապաստան հանդիսացած կառոյցներուն թիրախաւորումը՝ Հըզպալլան հետապնդելու պատճառաբանութեամբ:

Այս առումով առաջին գլխաւոր միջադէպ մը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտեան, Համրայի մէջ, ուր ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներ բռնկեցան, երբ բազմաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուելով մերժեցին գործադրել պանդոկ մը դատարկելու դատական որոշումը: Իրավիճակի սրումը կանխելու նպատակով, Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազը յաւելեալ 48 ժամուայ պամանաժամ տուաւ կառոյցը դատարկելու համար, ուստի դրութիւնը բնականոնացաւ:

Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յանձնարարարեց տեղահանուածներու կեդրոնացումի վայրերուն մէջ քայլերու ձեռնարկել՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխելու եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: «Մենք աշխատանք կը տանինք արգիլելու զէնքի առկայութիւնը տեղահանուածներուն ապաստաններուն եւ զանոնք հիւրընկալող շրջապատին մէջ»: Միջադէպը մեկնաբանեց նաեւ Հըզպալլան ներկայացնող հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն ու շեշտեց, որ «տեղահանուած քաղաքացիները պիտի մնան ուր որ են՝ ժամանակաւոր ապաստաններուն մէջ», կտրականապէս մերժելով զանոնք հանրային կարգ մը վարժարաններէն դուրս բերելու առաջարկը: «Տեղահանուածները փողոց պիտի չձգենք, այլ պետութիւնը պէտք է անոնց օգնէ ու հոգայ, որովհետեւ այդ մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է», շեշտեց Համիէ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՏԻՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ ԿԱՊԵՑ ՈՒ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Next Post

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

Next Post
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ԵՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.