Լիբանանահայ թատրոնին վերջին տարիներուն դիմագրաւած տագնապեցուցիչ տարիներուն ահա անսպասելի բօթ մը եւս՝ վաստակաշատ Տիրան Սարգիսեանի անակնկալ շիջումով: Անոր՝ որպէս ողբերգա-կատակերգակ դերասանի, դէմքին վրայ ժպիտը անպակաս ու յուսահատիլ չճանչցող համբերատար անձի, շրջապատին ջերմութիւն եւ ժպիտ սփռող կենսուրախ վարչականի, գաղութի թատերական կեանքին կենսանիւթ ապահովող կամաւորի, նոյնքան վաստակաւոր դերասանուհիին ամուսինի, եւ, եւ, եւ… վաստակին մասին որպէս մարդ-դերասանի, մարդ-արուեստագէտի եւ մարդ-պատասխանատուի մասին տրուած ստորեւ վկայութիւնները կարդալով անծանօթ ընթերցողն անգամ պիտի համոզուէր, թէ ինչպիսի՜ մեծ կորուստ մըն էր Տիրանին հապճէպ ու առյաւէտ մեկնումը թատերական խորանին առջեւ երդուած անբաժան ամոլին՝ մասնաւորապէս եւ հայ մշակոյթին համար՝ յատկապէս:
«Մշակութային էջ»-ով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեծ վարպետին տիկնոջ՝ տիկին Պէթի Սարգիսեանին, հարազատներուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան, «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի բոլոր անդամներուն, լիբանանահայ թատրոնին առնչակից արուեստագէտներուն եւ համայն թատերասէրներուն:
ԺԱՆ ՊԷՔԷՐԷՃԵԱՆ (դերասան)
Անկասկած որ Տիրան Սարգիսեանի մահով լիբանանահայ թատրոնի ընտանիքը մեծ կորուստ մը կրեց: Տիրան Սարգիսեանը ոչ միայն փայլուն դերասան էր, այլ ան կարողացած էր «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը երկար տարիներ իր ուսերուն վրայ պահել: Տիրան Սարգիսեանը ընկեր, բարեկամ, գործընկեր էր: Մենք միասին բեմ բարձրացած ենք: Շատ համակրելի եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծող անձնաւորութիւն էր: Ան նաեւ թատրոնի «խենթ»երէն էր: Դժբախտաբար լիբանանահայ գաղութին մէջ Տիրանի նման «խենթ»երը եւ անոնց տեղը լեցնող անձերը սկսան պակսիլ: Թող թատրոնի նուիրեալի հոգին լոյսերու մէջ ննջէ:
ԿԱՅԷԼ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՃԷՐԷՃԵԱՆ (դերասանուհի եւ թատերագիր)
Տիրանը միշտ ջերմութիւն եւ ժպիտ կը բերէր իր դերերով:
Իր տաղանդը եւ պարզութիւնը անկրկնելի էին, եւ անոր արուեստասէր ըլլալը մեծ յարգանքով պիտի յիշեմ:
ԿԱՍԻԱ ԹՕՓՈՒՇԵԱՆ-ՖԸԼԱՅՖԷԼ (դերասանուհի)
Իմ տարիներու բեմի ընկերս` Տիրան Սարգիսեանը ինծի համար միշտ եղած է Տիրան «Ամմօ»ս։
Մանկութենէս միշտ կը տեսնէի զինք միութնական պաշտօններու վրայ, իսկ հետագային դարձաւ նաեւ բեմի խաղընկերս, բայց ես տակաւին զինք կը կոչէի Տիրան «Ամմօ»։
Տիրան «Ամմօ»ս բեմի անբաժան խաղընկեներէս էր, որ միշտ կը մարմնաւորէր հայրիկիս դերը։
Շատ հաճելի էր իր հետ բեմի վրայ ըլլալը։ Ան շատ կատակասէր եւ միշտ լուծումներ գտնող ու համբերատար անձ մըն էր, որ երբեք չէր գիտեր յուսայատիլ։ Որեւէ հարցի մը առջեւ ան միշտ կը տեսնէր լոյսը խաւարի մէջ եւ մենք բոլորս՝ «Երուանդ Օտեան»ի թատերախումբը, իրմէ այդպէս սորվեցանք։
Անոր կորուստը մեծ է, իսկ ցաւը՝ աւելի: Լիբանանահայ թատերական աշխարհէն ներս ան անփոխարինելի մասնիկ մըն էր։ Իսկ իմ մտքիս եւ յիշատակներուս մէջ՝ Տիրան «Ամմօ»ս։
Հողը թեթեւ գայ վրադ։
Հպարտ եմ, որ քեզի հետ աշխատած ու շատ բան սորված եմ։
Տուպայէն համբերութիւն ընտանիքին եւ պաչիկներ։
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ (դերասան)
Տիրանին ծանօթացայ թատրոնի մէջ: Հրաշալի, մարդամօտ անձնաւորութիւն մըն էր: Մեր ծանօթութիւնը շատ շուտով զարգացաւ ու իրար աւելի մտերմացանք թատրոնէն ներս թէ դուրս: Տիրանը վարպետ դերասան էր: Կը յարգէր դիմացի խաղընկերը ինչ որակի որ ըլլար ան: Իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ վաստակաշատ դերասանուհի Պեթիի հետ խաղարկութիւնը հոյակապ էր եւ գնահատելի։ Տիրանին հետ խաղցած ենք «Փայտոջիլներու Պահարանը» փիեսը։
ՅԱՐՈՒԹ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (դերասան)
Տիրան Սարգիսեանին հետ դերեր խաղցած եմ Վաչէ Ատրունիի բեմադրութեամբ իրագործուած մօտ 3 կամ 4 թատերախաղերու մէջ: Անոնք բաւարար էին որպէսզի լաւ ճանչնամ ու գնահատեմ Տիրան Սարգիսեան մարդն ու դերասանը: Այդ գնահատականները պիտի տամ գլխաւոր երեք կետերու մէջ:
Նախ, Տիրանը ինծի համար ձեւով մը հանգստացնող հանգամանք էր՝ որպէս խումբի պատասխանատու կամ ատենապետ: Թատերախումբին տէր կենալու, պահելու, անոր հոգատարութեան ձեւերուն, գաղտնիքին լաւապէս տիրացած էր ու գիտեր ինչպէս իրագործել զայն: Երիտասարդներու հետ վարուելու կերպը գիտէր, բնականաբար իր տիկնոջ՝ Պէթի Սարգիսեանի հետ միասին: Սա կը կարծեմ ամենագնահատելի բաժինն էր: Դերասանները շատ հանգիստ կը զգային աշխատակցելով իրենց հետ: Ամէն մէկ մանրամասնութեան հետ՝ հագուստներու, խաղալու ձեւին, խօսելաոճին, կեցուածքին, անոնց առողջական վիճակին, այլեւայլ մտահոգութիւններուն եւ այլն, դերասանին պահանջներուն բոլոր մանրամասնութիւններուն իրենք պատրաստ էին օժանդակելու որեւէ տեսակի օգնութեամբ, տալով աւելի հանգիստ զգալու եւ խաղալու տրամադրուածութիւն, ըլլան անոնք պաշտօնական խաղարկութեան թէ նոյնիսկ փորձերու օրերուն:
Երկրորդ յատկանիշը՝ անոր շատ ընկերային, կենսուրախ անձ մը ըլլալն էր:
Եւ վերջապէս, Տիրանը այն դերասաններէն էր, որ յաջող ձեւով կը ներկայացնէր ե՛ւ կատակերգութեան ե՛ւ ողբերգութեան դերերը, որոնց ականատես եղանք վերջին տարիներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ (Բեմադրիչ, դերասան)
Տիրան Սարգիսեանը ներկայ լիբանանահայ թատրոնի լաւագոյն ուժերէն մէկն էր: Իր տիկնոջ՝ Պէթի Սարգիսեանին հետ զանազան դերերով բեմ եկած էին եւ ընդհանրապէս գնահատուած էին: Յատկապէս 2006-էն սկսեալ, երբ ան հիմնադիրը եղաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբին եւ մինչեւ 2024 թուական գլխաւոր ղեկավարն էր: Վաչէ Ատրունիի բեմադրութեամբ եւ հեղինակութեամբ, Տիրանն ու իր տիկինը բեմ բարձրացան՝ ներկայացնելով կատակերգական կամ այլ դերեր, գնահատուելով հանդիսատեսին եւ մտաւորականութեան կողմէ:
Մեր մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Տիրանի ելոյթներուն: Տիրան-Պէթի ամոլը բեմի վաստակաւորներ են: Անոնք 2006-էն շատ առաջ ալ բեմ բարձրացած եւ գնահատուած են թատերասէրներուն կողմէ: Տիրան իր բազմաթիւ դերերով ոչ միայն գնահատուած էր, այլ վաստակ ունեցող արուեստագէտ էր: Այսպիսով լիբանանահայ թատրոնը վաստակաշատ դերասան մըն ալ կորսնցուց: 2006-էն ասդին, մօտ 18 տարիներ, ան զանազան կերպարներով բեմ եկաւ եւ մէկ կերպարը միւսին չէր նմաներ: Միշտ ալ հաճոյքով դիտած եմ իր եւ տիկնոջ խաղարկութիւնները: Լուրջ դերերը իսկապէս որ լուրջ կը խաղար, իսկ կատակերգութիւններն ալ՝ կատակերգական:
Դերասանին արհեստավարժ ըլլայլը ինծի համար այնքան կարեւոր չէ որքան տաղանդաւոր ծնած ըլլալը: Դերասանը նախ արուեստագէտ պէտք է ծնի: Եւ Տիրանը ծնած էր դերասան, այսինքն՝ ճիշդ է որ արհեստավարժ ըլլալը կ’օգնէ, որ դերասան մը աւելի լաւ ըլլայ, սակայն ատիկա պայման չէ: Քանի որ եթէ տաղանդաւոր ծնած է եւ տաղանդաւոր բեմադրիչի հետ աշխատի, կրնայ անկէ շատ բան առնել եւ արհեստավարժ դերասանի պէս ներկայացնել: Տիրանը այդ տեսակներէն էր: Մասնագէտ դերասանի խաղարկութիւն ցոյց կու տար բեմին վրայ:
Մեղք որ լիբանանահայ թատրոնը շատ կանուխ կորսնցուց Տիրանին պէս լաւ դերասան արուեստագէտ մը:
Հողը թեթեւ գայ ըլլայ վրան եւ իր տիկնոջ եւ ընտանեկան պարագաներուն մխիթարութիւն կը մաղթեմ:
Ցաւալի է բոլորիս համար, որովհետեւ իսկապէս որ լիբանանահայ գաղութէն ներս ժամանակի ընթացքին բեմի մարդիկը սկսած են նօսրանալ ու նորերը դժուար որ մէջտեղ գան: Կը մաղթեմ որ նորերը գան ու Տիրանի նման արուեստագէտներու յիշատակը միշտ մնայ մեր մէջ: Աստուած հոգին լուսաւորէ:
ՍԱՐԻՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ (դերասանուհի)
Մեր բոլորին շատ սիրելի եւ հարազատ անձ մը եղած է թէ՛ բեմին վրայ թէ՛ բեմէն դուրս: Երբեմն դերասաններ կ’ըլլան, որոնք բեմին վրայ տարբեր կերպար կ’առնեն, իսկ բնական կեանքին մէջ ուրիշ անձեր կ’ըլլան: Տիրանը այդ մէկը չէր: Նոյն անկեղծ անձն էր բոլոր շրջանակներուն մէջ: Մեր դպրոցներէն ներս եղած է ուսուցիչ, եղած է դերասան, սակայն միշտ ալ մնացած է նոյն հարազատ անձը: Բոլորը յարգող, սիրող, միշտ ժպտուն, միշտ լաւատես: Ուր որ մտնէր իր ներկայութեամբ բոլորին քով ուրախ տրամադրութիւն կը ստեղծէր:
ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻ (Բեմադրիչ եւ թատերագիր)
Լիբանանահայ թատրոնը լի է ընդունելի, կարող, շնորհալի եւ հազուագիւտ պարագաներուն նաեւ տաղանդաւոր դերասաններով: Տիրան Սարգիսեանը, որուն հետ պատիւ ունեցայ երկար տարիներ աշխատակցելու, մէկն էր այն քիչերէն, որուն մասին կարելի է խօսիլ տաղանդաւոր բառին բոլոր հոլովոյթներով: Մեծագոյն նուաճումներն էին իր տրամադիկ հերոսներուն մենախօսութիւնները եւ փայլուն կատարումներ էին իր կենցաղային կատակերգութեանց հերոսներուն մարմնաւորումները յատկապէս իր կնոջ՝ նոյնքան շնորհալի դերասանուհի Պէթի Սարգիսեանի հետ զուգընթաց:
Այո՛, բեմական մեծ արժէք էր Տիրանը, որուն բոլոր կատարումներուն համար պէտք էր որ անպայման ժամանակին գնահատական տայի: Բան մը որ չկրցայ, չուզեցի ընել որովհետեւ կը համարէի, որ կայացած դերասան մը պէտք չէ գնահատել՝ առ ի պատշաճի: Հանդիսակա՛նն է անոր իրաւ արժեւորողը եւ ան նուաճեց հազարաւորներու գնահատականը: Այո՛, ուշացումով բայց ոչ-ուշացած ըսեմ, որ իմ յիսնամեայ բեմական կենսագրութեանս մէջ Տիրան Սարգիսեանը կը մնայ միակը եւ անկրկնելին:
ՎԱՉԷ ՏՕՆԵՐԵԱՆ (Բեմադրիչ)
Իմ շատ սիրելի ընկերոջս մասին շատ երկար կրնամ խօսիլ։ Քանի մը բառով կ’ուզեմ ըսել, որ ան եզակի անձնաւորութիւն մըն էր իր խառնուածքով ե՛ւ որպէս մարդ ե՛ւ որպէս դերասան։ Ան ունէր արուեստագէտի բոլոր յատկութիւնները, երբ իմ հետս բեմ բարձրացաւ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ: Եւ անկէ ետք նաեւ Տիրան փայլեցաւ արաբական բեմին վրայ իր իւրայատուկ կերպարով։ Ան ինքզինք հաստատեց հայ եւ օտար բեմերուն վրայ իր դերասանական արհեստավարժութեամբ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ օրս։
Արժէքաւոր դերասան մը, որուն բացակայութիւնը արդէն իսկ զգալի է։
Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի Տիրան։
ԿԱՐԷՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ (դերասան)
Տիրան Սարգիսեանին առաջին անգամ ծանօթացայ 1980-ական թուականներու վերջերը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեանի վարժարանին մէջ, երբ ինք հոն կը պաշտօնավարէր որպէս արուեստի ուսուցիչ: Միեւնոյն ատեն տիկին Պէթին արաբերէնի ուսուցչուհի էր, սակայն մենք անտեղեակ կը մնայինք իրենց ամուսնական կապին մասին: Աշակերտին հանդէպ ցուցաբերած իրենց վարուելակերպը արդէն համակրանք մը յառաջացուցած էր մեր մօտ: Չեմ յիշեր տարին, երբ ծնողքիս հետ թատրոն մեկնեցանք եւ անակնկալօրէն կարդացի շատ սիրելի ուսուցիչներուս՝ տէր եւ տիկին Տիրան եւ Պէթի Սարգիսեան անունները «պռոշիւրին» մէջ: Հոն առաջին անգամ ըլլալով բացայայտուեցաւ ինծի համար անոնց ամուսիններ ըլլալը: Պատանեկան զգացումներուս համար այդ օրը կարծէք ճակատագրական եղաւ՝ թատրոնի հանդէպ սէրս բազմապատկուելու իմաստով:
Երկու անգամ բախտը ունեցած եմ Տիրանին հետ բեմ բարձրանալու. մէկը՝ «Ամուսնութիւն ըստ Երանոսի», իսկ երկրորդը՝ «Ծերունին եւ լեռը», երկուքն ալ Վաչէ Ատրունիին բեմադրութեամբ:
Տիրան Սարգիսեանը ոչ թէ բացառիկ դերասան էր միայն, այլ մարդոց զգացումները իր ձեռքերուն մէջ վերահսկելու կարողութիւն մը ունէր: Ան կրնար շատ կարճ ժամանակի մէջ մարդիկը խնդացնել եւ կամ անոնց քով յուզմունք յառաջացնել, որ քիչերուն տրուած բան մըն է: Կարծէք ելեւէջող ալիքին վրայ դրուած հանդիսատեսին կը տանի վեր ու վար:
Շատ կարեւոր կէտ մը կ’ուզեմ նշել. Տիրան Սարգիսեանը լիբանանահայութեան թատրոնի պատմութեան մէջ լաւագոյն արտադրիչ էր: Ինչպէս որ Հոլիվուտի մէջ անուանի ֆիլմարտադրիչներ կան, որոնց կարելի է վստահիլ որեւէ գործի մը արտադրութիւնը (producer), քանի որ բծախնդրօրէն ընտրած կ’ըլլայ իր աշխատակազմը՝ բեմադրիչը, դերասանները, ֆիլմին որակը, խմբագրումը, վայրը եւ այլն, նոնն ալ Տիրանն էր, գիտէինք որ եթէ Տիրան Սրգիսեանն է producer-ը, ուրեմն ան բծախնդրօրէն պիտի հետեւէր ամէն մէկ մանրամասնութեան: Մեծ էր Տիրանին առաքելութիւնը նաեւ թատերախումբի նիւթական ապահովման դժուարին հարցերուն մէջ: Առանց producer-ին այս կամաւոր ծառայութեան դժուար պիտի ըլլլար դրամ հաւաքել ու լիբանանահայ թատրոնը ոտքի պահել ու սրահներն ալ թատերասէրներով լեցնել:
Կարեւոր է նշել նաեւ, որ «Երուանդ Օտեան» թատերախումբէն զատ նաեւ ունէր «Լիբանանահայ թատերախումբը» ուր ինք, Պէթին, Վարդան Մկրտիչեանը, Լինտա Մկրտիչեանը այդ խումբին աստղերն էին: Կարծեմ իրենց հետ էր նաեւ ողբացեալ Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը որպէս բեմադրիչ:
Այո՛, մեծ սիւն մը փլաւ լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան մէջ, բայց պէտք է յիշենք ու պատուենք Տիրանը, որ գալիք սերունդը ոգեշնչուի մեր երախտաւորներէն եւ իրենք ալ գան ու շարունակեն վառ պահել անոնց ջահը եւ թոյլ չտան որ ան մարի:
ՍՈՒՐԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ (Բեմադրիչ եւ արտադրիչ)
Տիրանին բաւական ուշ ծանօթացայ, 2009-ին «Ամուսնութիւն ըստ Երանոսի» ժամանակ: Առաջին անգամ զինք տեսայ հեծանիւ կը քշէր Ժանոյին մայթին վրայ: Եւ այդ թատրոնին մէջ ինք հեծանիւով բեմ պիտի մտնէր:
Տիրան շատ «քարիզմաթիկ» մարդ մըն էր, սրամիտ, կատակասէր: Իր դերակատարութիւնը իւրայատուկ էր: Այսինքն եթէ աչքերդ փակես ու առանց զինք տեսնելու միայն լսես՝ կը գուշակես, որ Տիրանն է խօսողը բեմին վրայ: Եւ ոեւէ արուեստագէտ իր մասնագիտութեան մէջ այդպէս պէտք է ըլլայ:
Մտքիս մէջ հիմա Տիրանին ձայնն է, իր շարժումներն են, ձեռքի շարժումներն են, մարմնի ճկունութիւնը, իր նայուածքը: Երբ Տիրան բեմին վրայ ըլլար, գիտէինք որ ահա հիմա իրեն պիտի միանայ Պէթին: Կամ հակառակը՝ եթէ Պէթին բեմին վրայ ըլլար, անոր պիտի միանար Տիրանը: Այս տեսակ զոյգեր, մանաւանդ հայկական բեմին վրայ, դժուար գտնուին: Զոյգ մը որ այսպէս «թատրոնի խենթ» ըլլան:
Տիրան թատրոնի կողքին նաեւ կարգ մը «փիես»ներուն տեքորները կը պատրաստէր: Վստահ եմ նաեւ որ ինք ուրիշ ձիրքեր ալ ունէր, սակայն մենք առիթը չունեցանք տեսնելու զանոնք:
Տիրանին յիշատակը միշտ մեր մէջ վառ պիտի մնայ: Աստուած իր հոգին լուսաւորէ եւ իր սիրելիներուն համբերութիւն տայ: