Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ

October 22, 2024
in Յօդուածներ
0
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ

 

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղար՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, պարգեւատրուած է Լապիպ Մատանադի յիշատակին յատկացուած պարգեւատրում-արժանիքին։

 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած  միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիտոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրելու անհատներ, որոնք  իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներու հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճումին։ Մրցանակաբաշխումը տեղի ունեցաւ Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ։ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ստացաւ այս մրցանակը՝ Աստուածաշունչի առաքելութեան եւ իր երկար տարիներու բազմաբեղուն գործունէութեան համար Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ։

 

Լապիպ Մատանադ՝ յորդանանցի-պաղեստինցի Աստուածաշունչի գործիչ, մեծապէս սատարած է հոգեւոր, ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութիւններու ծաւալման, եւ համերաշխութիւն եւ երկխօսութիւն սատարելուն համար։ Ան մահացաւ 2021-ին եւ այս մրցանակը հիմնուեցաւ յարգելու եւ վառ պահելու իր գործունէութիւնը եւ յիշատակը։ Պարգեւը աման մըն է՝ ճափոնական մշակութային «Kintsugi» արուեստի նմուշ մը։ Այդ կը խորհրդանշէ փշրուած ամանի մը կտորները, որոնք ի մի կը բերուին ոսկեայ երանգներով, որ վերամիանալով կը ներկայացնեն փշրուած ու վիրաւոր կեանքեր վերանորոգելու իրականութիւնը։

 

Շնորհաւորութիւններ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին այս պարգեւատրումին համար, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր։

 

Խնամակալ Մարմին

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Next Post

ՏԻՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ ԿԱՊԵՑ ՈՒ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Next Post
ՏԻՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ ԿԱՊԵՑ ՈՒ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

ՏԻՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՃԱՄՊՐՈՒԿԸ ԿԱՊԵՑ ՈՒ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.