Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

October 22, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըս-Գալիֆորնիոյ շրջանի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան կազմակերպած՝ Հաճնոյ Հերոսամարտի նահատակներու յիշատակի 104-րդ տարեդարձին նուիրուած  մատաղի պատրաստութիւնը, հոգեհանգստեան պաշտօնը, մատաղօրհնէքն ու հոգեճաշը:

Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Գառնիկ Գարայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշի արարողութիւն:

Օրուան խորհուրդին հետ պատշաճող յայտագիր մը հրամցուեցաւ ներկաներուն, որուն հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հայրենակցուհի տիկին Մայտա Քիւրէճեանը:

Ներկաներուն մասնակցութեամբ Հաճնոյ քայլերգի երգեցողութենէն ետք, հոգեճաշի ձեռնարկին բացումը բարի գալուստի հակիրճ խօսքով կատարեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ատենապետ՝ հայրենակից Զաւէն Քէօշկէրեանը: Որմէ ետք ամպիոնը տրամադրուեցաւ օրուան խորհուրդը պատգամող բանախօսին՝ գիտնական, ընկերաբան եւ հասարակական գործիչ՝ հայրենակից սոքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանին:

Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ տիկին Աստղիկ Տատուրեանը: Իսկ յայտագիրը շնորհակալական խօսքերով եզրափակեց միութեան ատենապետը:

Այստեղ հարկ է ողջոյնի խօսքեր փոխանցել Լոս Անճելըսի շրջանի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամներուն, որոնց անունները կ’արժէ արձանագրել, մաղթելով յարատեւ վերելք ազգային-հայրենակցական աշխատանքներուն մէջ:

Զաւէն Քէօշկէրեան (ատենապետ)

Նորա Գարայեան (փոխատենապետ)

Մատլէն Սաթամեան (գանձապահ)

Անուշ Մանուկեան (հաշուապահ)

Շողիկ Կիրակոսեան (ատենադպրուհի)

Վարդիվար Կարկուտեան (խորհրդական)

Մինաս Մութաֆեան (խորհրդական)

 

Share64Tweet40
Previous Post

  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԴԷՊԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ

Next Post
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԼԱՊԻՊ ՄԱՏԱՆԱԴ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.