Սկաուտական ամուր կամքը դրսեւորելու ոգիով, ծանր պայմանները յաղթահարելու յոյսով եւ շրջապատին մէջ լաւատեսութիւն ներշնչելու վճռականութեամբ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումը Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոնի իր ակումբին մէջ հանդիսաւորապէս կատարեց 2024-2025 տարեշրջանի բացումը:
Նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ծանօթ պայմաններն ու անախորժ մթնոլորտը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական տարեշրջանի բացման արարողութիւնը ընթացաւ սեղմ եւ զուսպ յայտագրով, որմէ բացակայեցան ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբն ու տօնական երեւոյթները: Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինը եւ զանազան վարչութիւններ, սկաուտներու ընտանեկան պարագաներ, վեթերաններ, ՀԵԸ-ականներու եւ հիւրեր:
Արարողութեան առաջին մասով, իրենց խումբերուն մէջ բաւարար ժամանակ անցուցած եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տարած թիթեռները, արծուիկներն ու գայլիկները, եւ վերջապէս արենուշներն ու սկաուտները կատարեցին իրենց արժանի անցումը տարիքային յաջորդ խումբ, ուր ստացան ջերմ ընդունելութիւն եւ իսկոյն միացան իրենց նոր խմբակներուն:
Հանդիսութեան պաշտօնական հատուածը սկսաւ սկաուտական խումբերու ընդհանուր հաւաքով եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի հոգեւոր առաջնորդ Տէր Ղէւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի աղօթքով: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեան հակիրճ խօսքով մը ողջունեց բոլոր ներկաները, գնահատեց անցնող տարեշրջանին բոլոր սկաուտներուն եւ խմբապետներուն տարած աշխատանքը եւ իրագործած թիրախները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր խօսքին մէջ հպարտութիւն յայտնեց, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի սկաուտական գերազանցութիւն: Մեծարելով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանի աւանդը եւ ողջունելով ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, «Թումօ» կեդրոնի հիմնադիր Սէմ Սիմոնեանի՝ Միութեան նոր նախագահ ընտրութիւնը, Չերչեան յիշեցուց, որ երկու անձնաւորութիւններն ալ անցած են ՀԲԸՄ-ի լիբանանեան կառոյցներէն, ինչ որ «ապացոյցն է մեր միութեան լիբանանեան ճիւղի արդիւնաւէտութեան եւ այն տիպար մարդու դաստիարակութեան, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները կը ստանան այստեղ՝ մեր ակումբներուն եւ մեր դպրոցներուն մէջ», բացատրեց ատենապետը եւ վստահեցուց, որ նոր տարեշրջանն ու գալիք տարիները պիտի ըլլան նոյնիսկ աւելի յաջող եւ օգտակար՝ մշակելով միութիւնն ու ազգը առաջնորդող ղեկավարներու իրերայաջորդ սերունդներ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետուհի Թալին Ճէպէճեան Ինքնատոսեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց սկաուտական շարժումին անդուլ աշխատանքը եւ միւս վարչութիւններուն աջակցութիւնը, վստահեցնելով որ նոր տարեշրջանը եւս պիտի արդիւնաւորուի՝ շնորհիւ միասնական ջանքերուն: Ան մեծարեց խմբապետական կազմին նուիրուածութիւնը եւ մանաւանդ այս զգայուն օրերուն դրսեւորուած պատասխանատուութեան վեհ ոգին:
Լիբանանի արենուշական եւ սկաուտական համախմբումներ AEL-ի եւ SDL-ի անուններով յաջորդաբար իրենց խօսքերը արտասանեցին քոմիսէրներ Թալին Աւագեան եւ Էլիօ Հաննա, որոնք դրուատեցին այս դժուար պայմաններուն մէջ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի հետեւողական ջանքերը, իրենց խորհուրդները տուին սկաուտներուն եւ խմբապետներուն, շեշտեցին միշտ սկաուտական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու հրամայականը եւ յայտարարեցին, որ նոր տարեշրջանի ծրագրին համար AEL որդեգրած է «Գործենք յանուն խաղաղ Աշխարհի», իսկ SDL` «Կը խոստանա՞ս» խորագիրները, կեդրոնանալու համար խաղաղ մթնոլորտի մէջ աճելու եւ զարգանալու ջանքին վրայ:
Յայտարարելով, որ Յովիկ Փոլաճեան պիտի շարունակէ վարել ընդհանուր խմբապետի, իսկ Կասիա Պոյաճեան՝ AEL-ի պատասխանատու խմբապետուհիի պաշտօնները, արարողութեան վերջին հատուածը նուիրուեցաւ խմբապետական պաշտօններու նշանակումներուն եւ պարգեւներու տուչութեան, իսկ հաւաքը եզրափակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի քայլերգներու կատարումով, մինչ սկաուտները կը վերահաստատէին իրենց յանձնառութիւնը՝ նուիրուածութեամբ ծառայելու իրենց Միութեան, շրջապատին ու Հայրենիքին:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ