Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ հաստատեց, որ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմ չէր բռնկեր, եթէ ինք ըլլար Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
«Արապիա»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Թրամփ նշեց, որ այս բոլոր աւերուած քաղաքներն ու տարածքները չէին ըլլար՝ եթէ ինք ըլլար նախագահ, ապա 7 Հոկտեմբերին իսրայէլեան բնակավայրերու վրայ Համասի ձեռնարկած յարձակումը չէր պատահեր։
Ան նաեւ նշեց, որ Իրան չէր համարձակեր իր յառաջընթացը ընդարձակել եւ աջակցիլ իր խմբակիցներուն: